Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբե - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

31 Ekim 2020  

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբե -

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբե Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբերուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի` քաղաքական հարցերով տեղակալ սէյիտ Ապպաս Արաղչին: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Ողջոյններու փոխանակումէն ետք լուսարձակի տակ առնուեցաւ Իրանի համար Հայաստանի հետ ամուր բարեկամական կապերու կարեւորութիւնը: Սէյիտ Ապպաս Արաղչի ներկայացուց Իրանի մօտեցումները շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ` խոր մտահոգութիւն արտայայտելով շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն գծով: Արաղչի իր ցաւակցութիւնը յայտնեց խաղաղ բնակիչներու շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերուն համար եւ դատապարտելի նկատեց քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակավայրերու թիրախաւորումը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ: Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտեցին ռազմական գործողութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքէն միջազգային ահաբեկիչներու մասնակցութեան գծով` այս երեւոյթը դիտարկելով իբրեւ ընդլայնման ներուժ պարունակող վտանգ, որ կը սպառնայ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան:

Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատեց Իրանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական մօտեցումը շրջանային խնդիրներուն նկատմամբ:

30 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցան հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, իսկ իրանեանը` Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ սէյիտ Ապպաս Արաղչին:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-իրանեան երկկողմանի քաղաքական օրակարգի բազմաթիւ հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկկողմանի տնտեսական օրակարգին, եւ միտքեր փոխանակուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ կարեւոր հարցերու շուրջ:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկկողմանի քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարունակականութեան ապահովումը:

Գերմանիան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին 2 միլիոն եւրօ (աւելի քան 2.3 միլիոն տոլար) պիտի յատկացնէ Ազրպէյճանի յարձակումներէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասը:

«Կարմիր խաչը, որ ներկայիս միակ մարդասիրական կազմակերպութիւնն է, որ մուտք ունի դէպի տագնապէն տուժած շրջան, խնդրած է միջազգային հանրութենէն 9 միլիոն եւրօ շտապ օգնութիւն յատկացնել: Գերմանիան պիտի յատկացնէ 2 միլիոն եւրօ», ըսաւ Մաաս 29 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին:

Նախարարը շեշտեց, որ պայմանաւորուած եղանակային հանգամանքներով, առկայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի` սննդամթերքի մատակարարման վտանգի խնդիր:

Մաաս նաեւ կոչ ուղղեց կողմերուն դադրեցնելու կրակը` առանց որեւէ նախապայմանի` աւելցնելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ` հրադադար ապահովելու համար: «Կողմերը պէտք է վերջապէս հասկնան, որ տագնապի ռազմական լուծումը անընդունելի է միջազգային հանրութեան կողմէ», աւելցուց նախարարը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ 30 հոկտեմբերին, սովորականէն աւելի կանուխ առաւօտուն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը յարձակումի ձեռնարկեցին քանի մը ուղղութիւններով: Նախ, հիւսիսային ուղղութեամբ, ոչ երկարատեւ հրետանային պատրաստութենէն ետք, հետեւակային ուժերով փորձած են գրոհել քանի մը դիրքերու ուղղութեամբ: Անմիջապէս կոտորուած են, կրած են լուրջ կորուստներ, ետ շպրտուած են` դաշտին մէջ ձգելով զգալի թիւով դիակներ:

Յովհաննիսեան նշեց, որ մարտերը շարունակուած են նաեւ հարաւային ուղղութեամբ: Կեդրոնական ուղղութեամբ ընթացած են երկու առանձին գործընթացներ: Առաջինը` Մարտունիի Ճարտար համայնքին ուղղութեամբ, փորձած են ռազմաճակատը ճեղքել, սակայն հայկական զինուած ուժերը տեղի չեն տուած: Տուեալ պահուն դիրքային փոփոխութիւն չկայ այդ ուղղութեամբ, բայց մարտերը յամառ են: Շուշիի մերձակայ անտառային քանի մը գիւղերու ուղղութեամբ եւս մարտերը կը շարունակուին, յայտնեց Յովհաննիսեան:

Ան տեղեկացուց, որ հայկական կողմը կ՛ուսումնասիրէ Ազրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային արկեր եւ միջոցներ կիրարկելու մասին տեղեկութիւնը:

Օրուան սկիզբը Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուժերը Քարին Տակէն արեւելք գտնուող 1-2 գիւղերէն մաքրած են ազրպէյճանցի ներթափանցողները: Ան նշեց, որ հայկական հետախուզական ստորաբաժանումները յայտնաբերած են զինամթերքի մեծ պահեստանոց, որ հրետանիի կրակէն այրած է:

Խօսելով հետախուզական-ներթափանցող խումբերով յառաջանալու ազրպէյճանական մարտավարութեան մասին` Յովհաննիսեան նշեց. «Բաց ճակատի վրայ դժուար է յառաջանալը, քանի մը օր մենք տեսանք, որ ուզեցին Ֆիզուլիի ուղղութեամբ դէպի Մարտունի ճեղքել, չկրցան, եւ ուղիղ առճակատումի չեն ուզեր երթալ. անոր համար կը դիմեն հետախուզական ներթափանցող խումբերու գործողութիւններու` փորձելով շրջանցելով փոքր խումբերով յառաջանալ»:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ ամբողջ գիշերուան ընթացքին շարունակուած են թշնամիի խմբաւորումներու տեղաբաշխման շրջաններուն մէջ լրահետախուզման եւ կրակային խոցման գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ոչնչացուած է մեծ քանակութեամբ թշնամական զինամթերք եւ մարդկային ուժ: «Կէս գիշերէն ետք թշնամիի ուժերը փորձած են հարաւարեւելեան ուղղութեամբ նոր յարձակումի ձեռնարկել, որ կասեցուած է բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Թշնամական ուժերը յաջողութեան հասնելու փորձեր ձեռնարկած են նաեւ ճակատային գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ, որ նոյնպէս կասեցուած է: Այստեղ եւս թշնամական ուժերը կրած են լուրջ կորուստներ: Թշնամական խմբաւորումներու յայտնաբերման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին», նշուեցաւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ 7-8 ժամկէտային զինուորական ծառայողներ իրենց սպաներուն հետ մօտ 3 ժամ տեւած յամառ մարտերէն ետք կրցած են փախուստի մատնել թշնամիի 100 անդամ ունեցող յարձակող խումբը` տեղւոյն վրայ ձգելով զէնք ու զինամթերքը:

Արցախի տեղեկատուական շտապին համաձայն, ազրպէյճանական բանակի զինուորական ծառայողները, կրելով մարդուժի մեծ կորուստներ, խուճապահար փախուստ տուած են Արցախի Բերձոր քաղաքին ուղղութեամբ ճշդած իրենց դիրքերէն:

Երեկոյեան Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ռմբակոծած են Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղը, ուր կան հետեւանքներ:

30 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթըր Մաուրերի հետ: Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածիր յարձակումին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրադրութիւնը:

Զոհրապ Մնացականեան Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ռազմական յանցագործութիւններուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց Փեթըր Մաուրերի: Նախարարը իր զրուցակիցին ծանօթացուց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորման եւ անոր իբրեւ հետեւանք արձանագրուած վնասներու, միջազգային ուխտերով արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, իր իսկ վերահսկողութեան ներքեւ յայտնուած Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան, ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու փաստեր:

Անդրադարձ կատարելով Թուրքիոյ` Հարաւային Կովկասի մէջ ապակայունացնող քաղաքականութեան եւ շրջանը ահաբեկչութեան օճախ դարձնելու նկրտումներուն` արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին Թուրքիոյ անմիջական ռազմական մասնակցութիւնը եւ Միջին Արեւելքէն օտար զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծումը լուրջ սպառնալիք է շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան:

Կողմերը ընդգծեցին կրակի անյապաղ դադրեցման վերաբերեալ 10-17 եւ 25 հոկտեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման, ինչպէս նաեւ տագնապը խաղաղ ուղիով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան նախագահը կարեւոր նկատեց կրակի դադրեցման շուրջ համաձայնութեան կեանքի կոչման եւ զոհուածներու մարմիններու հաւաքագրման ու փոխանակման պայմանաւորուածութեան կատարման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+