Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

04 Ocak 2021  

Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը -

Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը Յոյսի Կամուրջը՝ (Umut-Hasret Köprüsü) Մինչեւ Թուրանիայի Խորը Երկարող՝ Թրքական Մահիկի Վտանգը

1921-ի Մոսկուայի դաշնագիրով Թուրքիոյ շնորհուեցաւ Նախիջեւանի նայող հողային սահմանային շերտ մը՝ գորշ գայլի փանթուրքիզմով պապակած լեզուակի մը տեսքով ու խորքով, որ կ’երկարի շուրջ 17 քիլոմեթր. սակայն շատ կարեւոր եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող դիրք մըն է, որուն համար, ատենօք, թուրքերը խնդութեամբ, հայու արիւնով կենացներու տիկեր կուլ տուին անտարակոյս, հակառակ անոր, որ կորսնցուցած էին դարերով իրենց ազդեցութեան տակ մնացած գրաւեալ անծայրածիր տարածքներ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Արաբական աշխարհ: Եւրոպայի Հիւանդ Երկիրը իր հոգեվարքի իրավիճակին մէջ վերջին «փոքր» խնդրանքով ներկայացաւ՝ հայցելով գութ մեծապետական տէրութիւններէն: Ի տես «թշուառական» Թուրքիոյ կերպարին, անոր շնորհուեցաւ Աքիլլէսի կրունկին պատուաստը, ու «անմեղօրէն» անոր խնամատարութեան յանձնուեցաւ փանթուրանականութեան երազը իրականացնելու «ոսկեայ բանալին»:

Այսպէս, Թուրքիան փանթուրքիզմի որպէս ճարտարապետ, լաւ հաշուարկած էր եւ կուլ տուած էր պարտեալի իր ամօթը եւ նոր իրաւատէրերու յանձնած 600 տարուան իր տիրութեան տակ գտնուող տարածքները, սակայն անաղմուկ ու գլխիկոր բեմականացումներով պոկած էր շատ աննշան կարծուած սահմանային շփման յենակէտ մը, նոր գրաւուած տարածք՝ այսպէս կոչուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան «բարի դրացի» ըլլալու դիտաւորութեամբ:

Երկա՜ր տարիներու սպասումէ վերջ, երկու տարուան շինարարական աշխատանքներէ ետք, վերջապէս՝ 1992-ի Մայիսին, տեղի ունեցաւ բացումը ռազմա-աշխարհագրական կենսական նշանակութիւն ունեցող, եւ ո՛չ սոսկ փոխադրական հանգամանքով գործող Յոյսի Կամուրջին՝ (UMUT կամ HASRET KÖPRÜSÜ), իր 286 մեթր երկարութեամբ, որ կոչուած է զօդելու երկու երկիրներու «թուրք եղբայրները» «ՄԻԱՅ՛Ն»:

Այսօր, արդէն անոր հանգամանքը բացայայտուած է: Թուրքիա, նախքան Արցախի վերջին պատերազմը, ռազմական միատեղ փորձեր կատարեց Ատրպէյճանի հետ՝ Նախիջեւանի հողերուն վրայ, բարացուցական ազդանշանը տալով մօտալուտ միասնական զինուորական մեծ ծրագիրի մը գործնականացման, որուն վտանգաւոր ազդանշանը՝ հաւկուրութեամբ ընկալուեցաւ հայրենի ՄԵՐ իշխանութիւններուն կողմէ:

Թուրքիա, օր ցերեկով իր պատմական երազանքը իրականացնելու փաստեր կու տայ, ի լուռ աշխարհին եւ ի տես մեր հանրութեան: Ասոր զուգահեռ ակներեւ է Ռոսաստանի «համեմատական տեղատուութիւնը» Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ: Շատ կենսական հարցադրումով կ’ուզենք սկսիլ, նախքան յիշատակելը մեր առարկութիւնները եւ եզրակացութիւնները այս ուղղութեամբ.

1-Արդեօ՞ք այս օրերուն փանթուրքիզմը, Ռուսաստանի անվտանգութեան որպէս պատուհաս, կորսնցուցած է իր վաղեմի գործօնի ուժգնութիւնը ու կարեւորութիւնը:

2-Արդեօ՞ք Ռուսաստանի համար Հայաստանի աշխարհաքաղաքկան ներկայութիւնը այլեւս փանթուրքիզմի աղէտալի ծրագիրը իրականացնելու ռազմավարական կենսական ազդակ եւ բնական պատուար չի նկատուիր:

Հետեւաբար, այս բոլորէն մեկնած կ’արժէ կանգ առնել ստորեւ նշեալ դրոյթներուն վրայ.

1- Աշխարհաքաղաքական իրերու ներկայ իրավիճակը կը յուշէ, որ Ռուսաստան գերմտահոգ է Թուրքիոյ նկրտումներով, երբ կը փորձէ տարածաշրջանային հաւասարակշռող նոր ուժի կեդրոն դառնալ հետեւողական չափականութեամբ: Այսպէս, սկսած շրջանի մէկէ աւելի երկիրներու հանդէպ կիրառած իր ծաւալապաշտ քաղաքականութենէն ու անոր հետեւանքով միջպետական լարուած յարաբերութիւններէն, ան վառօդի հոտով համակուած մթնոլորտի մը մէջ, ռազամատենչ յոխորտագին ոճով, երկիրներու ներքին համակեցութեան հրահրումով յագուրդ կու տայ իր մեծապետական ծրագիրներուն, որոնց գլխաւոր վերնագիրը դէպի հարաւ նոր շուկաներու փնտռտուքն է, ուժանիւթի հոսքը իր նախասիրած ճամբաներով անցընելն է դէպի միջազգային շուկայ եւ հանգստութեամբ փանթուրքիզմի երազը իրականացնելը: Այս յարաբերութիւններու ցաւոտ օրինաչափութեան կը հետեւին՝ Սուրիան, Իրաքը, Կիպրոսը, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Էմիրութիւնները. Շարքը կ’երկարի մինչեւ Լիպիա, որուն կը գումարուին յունական կղզիներու հանդէպ ապօրինի ծովային յետախուզութեան աշխատանքները: Թուրքիա, իր ռազմատենչ բացայայտ յայտարարութիւններով, ոտնակոխելով միջազգային բոլոր միջպետական հասկացութիւններն ու համաձայնութիւնները, կը փորձէ օր ցերեկով տիրանալ այդ երկիրներու բնական հարստութեանց, որպէսզի կարենայ մատակարարել իր զինուորական անկախ գերուժ դառնալու ծրագիրները ու լուծել իր երկրի ուժանիւթի հարցերը:

2- Թուրքիա -Ռուսաստան յարաբերութիւնները միշտ կ’ենթարկուին պարանաձգութեան: Թուրքիա պարագայաբար կը փորձէ քաղաքական ճնշում բանեցնել Ռուսաստանի վրայ: Այդ մէկուն թատերաբեմը կը թեժանայ՝ երբ առաջ կը քշէ Խրիմի թաթարներու իրավիճակին առումով թերակղզիին մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման հարցեր, առ այդ վերահսկողութեան մեքանիզմներ քննելով եւ Խրիմի թաթարներուն տունդարձի եւ մշակութային ազատութեանց հարցերը հրահրելով: Այս օրինակով, մերթ կը տեսնենք չեչեններու հետ կապուած օրակարգը բարձրաձայնելու հարց, կամ Ռուսաստանի կողին մէջ սեպ խրած ծայրայեղ իսլամիստ-ահաբեկիչներու աջակցութիւն ներբողելու քաղաքականութիւն, ինչպէս՝ Տաղստանի մէջ ծայրայեղ իսլամականներու ներկայութեան պատուհասը: Յիշեցման կարգով կ’արժէ արձանագրել, որ քրտական խաղաքարտը միշտ օգտագործած է Ռուսաստանը, սանձելու Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը: Այսօր, նոյն թափով այդ մէկը չենք տեսներ միջ պետական իրենց յարաբերութւիններուն մէջ, ուր Ռուսաստան մեկնած իր այժմու կայսերական խնդիրներէն, լայն հասկացողութեան փոխադարձ եզրեր գտած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ:

3- Այլ սուր հարց մը, որ պարագայաբար գլուխ կը ցցէ՝ Նեղուցներու հարցն է, Տարտանելի ու Պոսֆորի: Թուրքիա պարագայաբար, ըստ քաղաքական կամքի, անտեսելով միջազգային համաձայնագիրները, սպառնալիքի լեզուով ռուսական դրօշը կրող նաւերուն «տաք ջուրեր» իջնելուն կ’ընդդիմանայ, մէյ մը բնապահպանման պատրուակով, մէյ մըն ալ զինուորական ապահովական նկատառումներով: Ռուսաստան համապատասխան կոպիտ պատասխաններով, մինչեւ պատերազմ հռչակելու սպառնալիքով ընդհանրապէս փոխադարձած է Թուրքիոյ կողմէ նետուած ձեռնոցին, կոտրելով թրքական սրած, պարծենկոտ մագիլները: Քաղաքական «հասկացողութեան» տարազին մէջ, առ այսօր զսպուած են թրքական նոր-օսմանական անզուսպ ախորժակները: Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ թրքական յոխորտանքին Դամոկլեան սուրը» միշտ առկայ է եւ կախուած նեղուցներու կամուրջներուն վերեւ, սպառնալով միջերկրականի մէջ ռուսական կայսերական շահերուն, ի հաշիւ տաք ջուրերուն մէջ թրքական շեշտուած ներկայութեան:

4- Այս օրերուն, Ռուսաստան իր կայսերական ախորժակները սրած է, աւելի լայն օղակի մէջ փնտռելով իր կայսերական շահերը ապահովելու կռուանները, դուրս ելլելով հարաւկովկասեան սահմանափակ հաշուարկներէ: Այսպէս՝ Սուրիոյ հիւսիսի թրքական նկրտումներուն «հանդուրժողականութիւն» ցուցաբերելով եւ Արցախի հարցով ուղղակի թրքական ներկայութեան վաւերականութիւն շնորհելով, թուրք զինուորներու դիտարկման միացեալ կեդրոններուն այո՛ ըսելով, սին փորձով աչքի փոշի ցանելով հայկական կողմին վրայ, պատրուակելով, որ այդ կեդրոնները Արցախի տարածքին մէջ պիտի չհաստատուին: 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, թէ՛ Թուրքիա, թէ՛ Ատրպէյճան պաշտօնապէս հերքեցին թրքական եւ օտար ուժերու զինուորական ներկայութիւնը Արցախի տարածքին: Սակայն այսօր, ռուսական թոյլտուութեամբ յականէ անուանէ թրքական դրօշով զինուորներ ման կու գան Շուշիի մէջ, բան մը որ շատ սուղ գին է՝ ի հաշիւ հայկական կողմին: Այս բոլոր հանգամանքներուն վրայ պէտք է գումարել այն ակներեւ դրոյթը, որ Արցախի վրայ թուրք-ազերիական պատերազմի ժամկէտը կը համընկնէր Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ դիտորդական ռազմական հետախուզական կեդրոններու տեղաշարժով դէպի Իտլիպի շրջան: Միամիտ պէտք է ըլլալ չտեսնելու ռուս-թրքական լիակատար քաղաքական փոխըմբռնման ձեւակերպումով իրականացած այս տեղաշարժը եւ այդ ամէնուն մէջ աւե՛լի մեծ կայսերական շահեր ապահովելու Ռուսիոյ նկրտումը, որուն հիմնական առանցքը կը կազմէ ռուսական զօրքերու վաւերական ներկայութիւն դրոշմելը հարաւային Կովկասի մէջ, որպէսզի աւելի մօտ ըլլայ քարիւղի եւ կազատար խողովակներու ակունքներուն, ի հեճուկս Փան-թուրքիզմի ահագնած վտանգին, չկարեւորելով այդ ազդակը՝ աշխարհաքաղաքական իր հաշուարկներուն մէջ: Մեր կարգին, պէտք է Հայկական խաղաքարտը վերածենք «անուշ պատառի», զարգացնելով ազգային մեր իւրայատկութիւնները եւ ձեռք բերելով նորարարութեամբ օժտուած այնպիսի ռազմական, տնտեսական եւ գիտահետազօտական առաւելութիւններ, որոնց միջոցով իւրաքանչիւր շահագրգռուող ուժ օգտուիլ կարենայ մեր մատուցելիք դրոյթներէն: Բնական է, այս ամէնը կ’իրականանայ կողմերու քաղաքական, շահաւէտ գործակցութեամբ ու հասկացողութեամբ: Պէտք է լաւ ընբռնել ռուսական արդի ռազմավարական խնդիրները: Անոնց ձեւաչափը կարելի է հասկնալ ռուս բարձրագոյն պաշտօնատարի հետեւեալ միտքը ըմբռնելով. «Չկասկածի՛ք. մեր զօրքը մէկ օր անգամ չի մնար Արաքսի ափին, եթէ այդ չբխի մեր կայսերական շահերէն, եւ հակառակը՝ հոն կը մնանք, եթէ նոյնիսկ ձեր հայոց հողին վրայ բնակին Ճորճ Սորոսի ծրագիրներու 3 միլիոն ներկայացուցիչները»: Հաշուի առնելով նոյնի՛սկ, որ տուեալ տողերը կրնան նախագահ Փութինին չպատկանիլ, բայց կ’արտացոլեն ողջ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ռազմավարական էութիւնը եւ կը խտացնեն ռուսական աշխարհաքաղաքական շահերը, գիշատիչ սպիտակ արջին հեռնակարները: Վերջապէս, կայսերական Ռուսաստանի վարպետ մէկ շարժումին ականատեսը եղանք, ուր ան յաջողեցաւ լուսանցքային դերի մէջ պահել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի մնացեալ երկիրները՝ Արցախեան գոյապայքարի հանգուցալուծման պատկերացումներուն մէջ վճռորոշ դեր ունենալէ, չեզոքացնելով իրենց վերաբերող համանախագահի որեւէ գործնական դերակատարութիւնը, ներկայացնելով տխրահռչակ եռակողմ յայտարարութիւնն ա՛լ որպէս կատարուած իրողութիւն՝ իրենց ու համայն աշխարհին ի տես:

Այսուամենայնիւ, պատասխան պէտք է գտնենք մեր բացթողումներուն, հասկնալով թէ Ռուսաստան զգալիօրէն ինչո՞ւ երես դարձուց մեր ազգային ռազմավարական շահերուն: Կենսական է ուրուագծել ապահով ելքը մեր խնդիրներուն ու զարգացնել վերանորոգ նոր մարտավարութիւն, հիւսիս-հարաւ ուղղահայեաց նշանացողին մէջ տեսնելով ռազմավարական մեր conditio sine qua non-ը, սկսելով Մոսկուայէն՝ հասնելով Թեհրան, փոխշահաւէտ մշակուած քաղաքականութեամբ եւ ռազմավարական միացնող հասարակ յայտարարներ գտնելով եռեակ բնական դաշնակիցներու միջեւ:

5- Վերջերս թրքական զօրքերու կուտակումը Իքտիրի ռազմակայանին մէջ եւ Թուրքիոյ «մեճլիս»ին Ատրպէյճան զօրք ղրկելու որոշումը, դէպի Թուրանիայի խորը հասցնող ակնյայտ գործնական պատրաստութիւններու շարքին պէտք է դասել: Մինչ Թուրքիա դժգոհ կարգ մը արեւմտեան պետութիւններու կեցուածքներէն, ՕԹԱՆ-ի լարախաղին վրայ վարպետօրէն «ԲԵՀԼԻՎԱՆ»ութիւն կը խաղայ, միւս կողմէ իր մթերանոցները հարստացնող ռազմամթերքի տեսակները բազում աղբիւրներէ ապահովելով, մանաւանդ ռուսական տիպի պալիսթային S-330 եւ S-400 հրթիռներով կը հարստացնէ, ՕԹԱՆ-ին յայտարարելով, որ «Ռուսիա կը շարունակէ յամառ քաղաքականութեամբ թշնամական արարքներ գործադրել եւ կանոնաւոր կերպով ՕԹԱՆ–ի անմիջական սահմանին մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարել: Ինչ որ շինիչ երկխօսութեան արգելք կը հանդիսանայ»:

Գերուժերու խաղին մէջ ուժանիւթի անցման ճանապարհները եւ ջրային աւազաններու ու գետերու ակունքներուն տիրութիւն ընելու ախորժակները առանցքային դեր խաղցան վերջին Արցախեան պատերազմին, ուր համոզում դարձաւ այն վարկածը, թէ երկուստէ՛ք այդ թիրախները խնայելու կարմիր գիծեր ունին՝ հրետանի եւ պալիսթային զէնքերու օգտագործման առումով:

Աչքի առաջ առնելով, որ Սուրիան զոհն է ուժանիւթի փոխադրութեան եւ արտահանման միջազգային ուժերու մրցակցութեան գձուձ դասաւորումներուն, պէտք է մեր քաղաքական կարելիութիւնները լարենք, որ Հայաստան նոյն ճակատագրին չենթարկուի, մեր կարգին ներկայացնելով տարբերակներ, որոնք կը խանգարեն այդ ծրագիրները:

Այս բոլոր զարգացումներուն ի տես՝ Թուրքիա մէկ կողմէ իր ոտքը խրած Արաքսի արեւմտեան ափին մէջ, միւս ոտքը երկարելով մինչեւ Չինաստանի պարիսպը՝ ույղուր-թուրքմէն եղբայրներուն արօտավայրերը, իր ՄԵԾ ԵՐԱԶը իրականացնելու հեւքոտ ճիգին մէջ պատրաստ է կուլ տալու իր առաջ ցցուած հայկական հողային տարածքները, ճամբայ հարթելու իր նկրտումներուն՝ դէպի Գորշ Գայլի պատմական ակունքներ՝ ողջ մարդկութիւնը ահաբեկելով անոր ոռնոցով:

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+