Ոչ Եւս Է Լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս - Հայերէն
07 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

12 Ağustos 2021  

Ոչ Եւս Է Լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս -

Ոչ Եւս Է Լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս Ոչ Եւս Է Լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։ Այս անժամանակ մահը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ բոլորին պատճառելով մեծ ցաւ մը։

Ան ծնած էր 1958 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս Կեդրոնական վարժարանի սաներէն էր։ Շատ երիտասարդ տարիքէն ընդգրկուած էր հայկական մամուլի աշխատանքին։ Որպէս լրագրող ծաւալած գործունէութեան առընթեր, աշխատանք կը տանէր նաեւ հասարակական գործիչի հանգամանքով։ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս երիտասարդ տարիքին հաստատուած էր Փարիզ։ Երկար ժամանակ աշխատակցած էր ֆրանսահայ մամուլին։ 1990-ական թուականներու սկիզբին, երբ Հայաստան կը վերագտնէր իր անկախութիւնը, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս հաստատուած էր Երեւան։ Այս անգամ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն աշխատակցիլ սկսած էր՝ մանաւանդ այդ տարիներու ամենահեղինակաւորներէն «Ազգ» օրաթերթին։ Որոշ ժամանակ Հայաստանի մէջ ապրելէ վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած էր վերադառնալ Ֆրանսա։ Փարիզ վերահաստատուելէ վերջ, լրագրական գործունէութիւն ծաւալելու առընթեր, մասնակցութիւն բերած էր՝ տեղւոյն Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (CRDA) գործունէութեան։ Այդ կեդրոնին գլուխը կը գտնուէր ֆրանսահայ մտաւորական Ժան-Քլոտ Քեպապճեան։ Ֆրանսայի մէջ անցուցած տարիներէն վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած էր վերադառնալ ծննդավայրը։ Վերահաստատուելով քաղաքիս մէջ՝ ան այս անգամ սկսած էր աշխատակցիլ տեղական զանազան լրատուամիջոցներու՝ մասնաւորապէս առցանց հարթակներու վրայ։ Արդէն կ՚ապրէր իր ծնողներուն՝ բարեյիշատակ բժիշկ Հերմոն Արաքսի եւ ֆրանսերէնի երախտաշատ ուսուցչուհի Ռիթա Արաքսի հետ։ Իսթանպուլի մէջ ապրած տարիներուն, մօտաւոր անցեալին, ընտրուած էր Կղզեաց փոխ-քաղաքապետ, նախկին քաղաքապետներէն Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլուի պաշտօնավարութեան շրջանին։ Վերջին տարիներուն որոշած էր վերստին հաստատուիլ Երեւան, ուր ունէր նաեւ բնակարան մը։ Հոգելոյս հօր մահէն միջոց մը վերջ, լուսահոգի մայրը՝ Ռիթա Արաքսն ալ մեկնած էր Երեւան, ուր կ՚ապրէր իր հետ։ Դժբախտաբար, մօտաւոր անցեալին Երեւանի մէջ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս դառնութիւնը ապրած էր կորսնցնելու իր մայրը։ Երեւան վերահաստատուելէ վերջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու բնագաւառէն ներս կը շարունակէր աշխոյժ աշխատանք տանիլ՝ մանաւանդ, որ բոլորովին վերջերս «Արմէնփրէս» պետական գործակալութեան նորահաստատ թրքերէն բաժնի խմբագրի պաշտօնն ալ ստանձնած էր։

Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս վերջին օրերուն ունեցած է առողջական անակնկալ խնդիրներ։ Աղիքներու անհանգստութեան հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց։ Թէեւ այդ խնդիրը մասնագէտներու ջանքերով յաղթահարուած է, սակայն անմիջապէս այլ զանազան բարդութիւններ յառաջացած են՝ ներքին գործարաններու անբաւարարութեան հետեւանքով։ Թէեւ բժիշկներու խնամքը միշտ շարունակուած է, սակայն Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի առողջութեան վերականգնումը հնարաւոր չէ եղած, նոյնիսկ իր կացութիւնը կայունացնել կարելի չէ եղած եւ ի վերջոյ վրայ հասած սրտի տագնապին հետեւանքով ան աչքերը փակած է կեանքին՝ ցաւ պատճառելով իր բարեկամական շրջանակին։

Այս առթիւ կը մաղթենք, որ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի յաւիտենական նենջը ըլլայ հանգիստ։ Ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ամբողջ ընտանիքին, բարեկամական շրջանակներուն, իր սիրելիներուն եւ պաշտօնակիցներուն





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+