Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի այցը Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարան։ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

10 Ekim 2021  

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի այցը Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարան։ -

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի այցը Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարան։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի այցը Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարան։

Այցելութեան ծիրէն ներս Պատրիարք Հայրը՝ Ամեն. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում ու զրոյց, որուն ընթացքին երկու Հայրապետները քննարկեցին եկեղեցական, ազգային եւ համայնքային զանազան հարցեր։

Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021ի երեկոյեան ժամը 19։00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան այցելեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք` Սահակ Բ. Մաշալեանը, ընկերակցութեամբ՝ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ Գրշ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Գեր. Տիրայր վրդ. Յակոբեանի, եւ Արժ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Վարժարանէն ներս Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի «Տիրամայր Նարեկի» թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեանէն, Հարաւային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պօղոս եպս. Հագիմեանէն, վարժարանիս Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանէն, եւ այլ կաթողիկէ դասուն պատկան Հռոմ գտնուող կղերական դասի ու Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերու միաբանութեան անդամներէն ու վարժարանիս ժառանգաւորաց դասէն։

Այցելութիւնը ընթացք առաւ Լեւոնեան Վարժարանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր Վարժարանին Մեծաւոր Հայրը` Գերյարգելի արեկ Ծայրագոյն Վարդապետ Նաամոյեան, Գերապատիւ Հայր Ներսէս Սագայանի հետ միասին՝ ներկայացուցին Վարժարանի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու սուրբ տաճարի երկու տարուայ վերանորոգման աշխատանքներու գործընթացքը, որ շուտով իր աւարտին պիտի հասնի։

Պատրիարք Հայրը այցելեց ապա Վարժարանիս մատենադարանը, ուր անձամբ թղթատեց վարժարանի ձեռագիրները հուսկ այցելեց Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի նուիրուած թանգարանը ուր աւելի մօտէն ծանօթացաւ Աստուծոյ Ծառային պատմութեան ու սրբադասման գործընթացքին։

Սահակ Բ. Պատրիարքը Վարժարանիս «Տիրամայր Նարեկի» մատուռին մէջ, ժառանգաւորներու կատարած «Զինչ Տաց» շարականէն ետք «Պահպանիչ» աղօթքով իր Հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ սրտի խօսքը ուղղեց վարժարանի աշակերտներուն, նախ փոխանցելով իր կոչման անդրանիկ քայլերու վկայութիւնը, ապա մաղթելով` հաւատքի եւ կոչումի հաստատութիւն, եկեղեցւոյ հաւատարմութիւն, եւ աշխատանքի քաջութիւն, որպէսզի բոլորն ալ հասնին ծառայելու Աստուծոյ եւ մեր հայ ժողովուրդին։

Հակիրճ աղօթքէն ետք, Պատրիարք Հայրը՝ Ամեն. եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ մտերմիկ հանդիպում ու զրոյց մը ունեցաւ Պատրիարքական սրահէն ներս, որուն ընթացքին երկու Հայրապետները քննարկեցին եկեղեցական, ազգային եւ համայնքային զանազան հարցեր։

Այցը աւարտեցաւ Վարժարանիս ճաշասրահին մէջ մեծարգոյ հիւրին ի պատիւ պատրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջ, որուն ընթացքին Գերյարգելի Նաամոյեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ ապա Պատրիարք Հօր այս եղբայրական մթնոլորտին համար ու նաեւ ժառանգաւորներուն Անոր ուղղած սրտի խօսքին համար։ Խօսք առաւ նաեւ Սահակ Պատրիարքը շնորհաւորելով նորընտիր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին իր ընտրութեան առթիւ Անոր մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բեղուն առաքելութիւն։ Իր կարգին, Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին իր եղբայրական ջերմ խօսքերուն համար եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեամբ՝ երկու Հայրապետները համագործակցին նախ հայ ժողովուրդի հոգիներու փրկութեան նպատակով, ապա նաեւ համայն հայ ազգի բարիքին ու յառաջդիմութեան համար։

Ընթրիքին աւարտին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-րդ Հոգեւոր Տէրը, Պատրիարք Հօր նուիրեց «Տիրամայր Նարեկի» պատկերը, ի յիշատակ այս անդրանիկ ու պատմական այցելութեան։ Իսկ Սահակ Բ. Պատրիարքը Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Միջեկեղեցական ու համամիութեան վերաբերող Քրիստոնէական հատորներ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+