​16 Հոկտեմբերը՝ Նոր Սկիզբ, Նոր Յոյսեր - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

07 Ekim 2022  

​16 Հոկտեմբերը՝ Նոր Սկիզբ, Նոր Յոյսեր -

​16 Հոկտեմբերը՝ Նոր Սկիզբ, Նոր Յոյսեր ​16 Հոկտեմբերը՝ Նոր Սկիզբ, Նոր Յոյսեր

Համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները հետզհետէ աւելի առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքին կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որու թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու ներկայացած է նաեւ Կապոյտ ցանկը։ Ընդդիմադիր այս ցուցակի ներկայացուցիչներէն Սեւան Շէշէթեան, Արէտ Բարունակեան եւ Առէն Կիւնպիլիր երէկ այցելեցին խմբագրատունս։ Ընտրութիւններուն ընդառաջ անոնք մանրամասն բացատրութիւններ տուին իրենց որդեգրած սկզբունքներուն եւ մշակած ծրագրերուն շուրջ։ Հիւրերը մասնաւորապէս շեշտեցին, որ համայնքէն ներս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համերաշխութեան մթնոլորտին հաստատուիլը։ Արդարեւ, միայն համերաշխ ու պաղարիւն մթնոլորտին ընձեռելիք հնարաւորութեան պայմաններուն շնորհիւ համայնքը առողջ դատողութեան մը հասնելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ եւ ըստ այդմ նախընտրութիւն մը պիտի ընէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար։ Այդ նախընտրութիւնը ճակատագրական պիտի ըլլայ ամբողջ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած միջոցները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան եւ նպատակասլաց ընթացքին տեսակէտէ ճակատագրական նշանակութիւն կը ներկայացնեն։

Սեւան Շէշէթեան, Արէտ Բարունակեան եւ Առէն Կիւնպիլիր այցելութեան ընթացքին շեշտեցին, որ 16 հոկտեմբեր թուականը, երբ տեղի պիտի ունենայ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը, իրենց ակնկալութիւններով՝ նոր սկիզբ մը պիտի նշանակէ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ուստի, առանց բեւեռացումներու, առանց քաւութեան նոխազներ փնտռելու եւ մանաւանդ՝ առանց փոփոխութիւններէ, տարբերութիւններէ խրտչելու՝ մեր համայնքը պէտք է համարձակ քայլ մը առնէ, փոփոխութեան ի նպաստ իր հաւաքական կշիռը դնէ եւ այսպէսով Կապոյտ ցանկին վստահելով ինքն իսկ պէտք է փորձէ նոր հունի մը մէջ դնել իր ընթացքը։







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+