​Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգ - Հայերէն
01 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Արեգ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

23 Ocak 2023  

​Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգ -

​Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգ ​Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգրած Է

ՀՅԴ Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբի աշխատանքին շնորհիւ եւ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ջանքերով գումարուած է Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումին:

18 յունուարին տեղի ունեցած նիստին որոշուած է Արցախի շրջափակման հարցով յաւելեալ երեք նիստ գումարել, ինչպէս նաեւ տեղւոյն կացութեան շուրջ իրազեկուելու համար քննարկման հրաւիրել Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:

Համապատասխան որոշումին մէջ օգտագործուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձեւակերպումը:

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման եւ արտաքին աշխարհէն մեկուսացման պայմաններուն մէջ այս որոշումը իր բնոյթով բացառիկ է ո՛չ միայն այն պատճառով, որ քանատական խորհրդարանական յանձնախումբը կ՛օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձեւակերպումը, այլ նաեւ քննարկման կը հրաւիրէ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Ասիկա Արցախի միջազգային ենթակայութեան բարձրացման նոր դրսեւորում է, ինչի շուրջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը տեւական շրջան աշխատանքներ կը կատարէ:

ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը քանատական խորհրդարանին մէջ յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերեալ հանդէս պիտի գան հաղորդագրութիւններով:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+