Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ահեղ երկրաշարժին առիթով - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

08 Şubat 2023  

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ահեղ երկրաշարժին առիթով -

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ահեղ երկրաշարժին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ահեղ երկրաշարժին առիթով

Երկրաշարժի զոհերուն շարքին կան նաեւ հայորդիներ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ վնասուած են հայկական բազմաթիւ կառոյցներ ինչպէս հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանն ու Կիլիկեան վարժարանը։ Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 6 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող, երկու ցաւակցական հեռագիրեր յղեց ուղղուած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակներուն, այս երկիներուն մէջ պատահած մեծ ուժգնութեամբ աղէտալի երկրաշարժին առիթով։

Հեռագիրերը ուղղուած են Թուրքիոյ մէջ առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքիին ե Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարիին, որոնց մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր խորին ցաւը կ՜արտայայտէ ի տես ահաւոր երկրաշարժին իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ զոհերու հոգւոյն հանգստեան համար ու բոլոր անոնց` որոնք կ՛ողբան անոնց մահը։

Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ սիրոյն ու նախախնամութեան կը յանձնէ բոլոր տուժողները ու յատուկ աղօթքներ կը վերապահէ նաեւ շտապ օգնութիւն մատուցողներուն, Աստուածային մխիթարութիւնը հայցելով բոլորին վրայ։

Նշենք թէ Կիրակի լոյս երկուշաբթի գիշերը, ժամը 2.17էն սկսեալ տեղի ունեցան անընդհատ ցնցումներ, որոնք ամենաուժեղը 7.8 ուժգնութեամբ էր, Թուրքիոյ հարաւային եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու սահմանագիծին վրայ։

Բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկան եւ զոհերուն թիւը ժամէ ժամ կ՛աճի մինչ շատեր կը գտնուին փլատակներուն տակ։ Ցնցումը զգացուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ։

Երկրաշարժի զոհերուն շարքին կան նաեւ հայորդիներ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ վնասուած են հայկական բազմաթիւ կառոյցներ ինչպէս հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանն ու Կիլիկեան վարժարանը։

Եւրոպական Քարիթասը և Իտալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը արդեն 500 հազար եւրօ յատկացուցին որպէս շտապ անմիջական օգնութիւն երկրաշարժէն տուժածներուն համար։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+