​Զօրակցութեան Ցուցահանդէս - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

20 Nisan 2023  

​Զօրակցութեան Ցուցահանդէս -

​Զօրակցութեան Ցուցահանդէս ​Զօրակցութեան Ցուցահանդէս

Երէկ երեկոյեան «Galeri Bir Zamanlar»ի երդիքին տակ, Նշանթաշը, բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «100 տարի առաջ Անթաքիա, Իսքենտէրուն եւ Մուսա տաղ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիսի 10-ը։ Յետերկրաշարժեան պայմաններով այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի ի նպաստ Վաքըֆլըգիւղի։ Անտիոքի եւ ընդհանրապէս Մուսա լերան շրջակայքի հայերուն վերաբերեալ գիրք մըն ալ այս ցուցահանդէսին զուգահեռ դրուած է վաճառքի։ Այս բոլորին հասոյթը պիտի տրամադրուի Վաքըֆլըգիւղին, որպէսզի աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին ապահովուի զօրակցութիւն մը։ Ի լրումն այս բոլորին, ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս վաճառքի դրուած են նաեւ գիւղի արտադրանքները։ Այդ հասոյթը եւս պիտի բարդուի մնացեալ գումարին վրայ՝ նոյն նպատակին համար։

Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է յայտնի հրատարակիչ Օսման Քէօքէրի կողմէ։ Գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Սաւաշ Եըլտըրըմ։

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Օսման Քէօքէր ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին նշեց, որ երկրաշարժէն վերջ այցելած է աղէտի գօտի եւ որոշած է այսպիսի ցուցահանդէս մը կազմակերպել։ Ըստ իրեն, երկրաշարժը մէկ կողմէ կեանքեր խլած է, իսկ միւս կողմէ մեծ աւեր մը պատճառած է՝ աղէտի գօտիի քաղաքներու պատմական հիմքին տեսակէտէ։ Այժմ ջանքեր կը գործադրուին այս քաղաքներու վերականգնման համար, սակայն կարելի չ՚ըլլար մշակութային ժառանգութիւնը խնայել։ Ցուցահանդէսի նպատակներէն մին է նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել՝ երկրաշարժէն աւերուած քաղաքներու անցեալի բազմամշակոյթ բնոյթին վրայ։ Ուստի, Անթաքիա եւ Իսքենտէրուն քաղաքներու հարիւր տարի առաջուան վիճակին վրայ լոյս սփռող այս ցուցահանդէսի ներկայ ժամանակաշրջանին կազմակերպումը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, համայնքային շրջանակներէն եւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններէն յայտնի դէմքեր։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+