Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս - Հայերէն
08 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Միհր / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

11 Haziran 2023  

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս -

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ

Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան եւ Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով՝ տեղի ունեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որուն ընթացքին օրհնուեցան Պուրճ-Համուտի ընտանիքները, փողոցներն ու տուները։Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան ընթացքին, Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով՝ Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ին, ժամը 18-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց ձայնաւոր Ս. Պատարագը, Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու, ու ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջՍուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ.

«Սիրելիներս, այս հրաշափառ տօնին առիթով, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին, որ մեզ կը յորդորէ բանալ մեր սրտերը իրարու հանդէպ և ապրիլ ճշմարիտ սէրը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք կը բաղձայ։ Այս պահուն՝ մենք մեզ կը հարցադրենք, թէ ինչպէ՞ս հացին կտորն ու գինիին կաթիլը կը վերածուին Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին և Արիւնին, թէեւ զանոնք փոխակերպող պատարագիչը կրնայ ըլլալ մեղաւոր մարդ...: Ասիկա՛ է մեծ գաղտնիքը, խորհուրդը, երբ տեղի կ’ունենայ այս գոյացափոխութիւնը. Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը կը մտնեն մեր սրտերը։[

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջԱյո՛, Սիրելիներս, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին, նաև երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան յիշատակն է, որմէ սիրոյ, նուիրուածութեան և նահատակութեան օրինակն ու վկայութիւնը կը վերցնենք։ Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին, ապա մենք պէտք է տեսնենք Յիսուսը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, մենք, որ ծնած ենք Անոր պատկերով և նմանութեամբ, մենք պէտք է տեսնենք սէրը Ս. Հաղորդութեան մէջ, ընծայումը եւ նուիրումը մեր Եկեղեցիին բաշխած Հաղորդութեան մէջ»:

Ապա, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին եւ Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով՝ տեղի ունեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որուն ընթացքին օրհնուեցան Պուրճ-Համուտի ընտանիքները, փողոցներն ու տուները։

Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ նշխարահամբոյրն Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքին։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+