​«Արաս»ի Նուէրը Պատանի Ընթերցողին - Հայերէն
28 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Սիմ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

21 Haziran 2023  

​«Արաս»ի Նուէրը Պատանի Ընթերցողին -

​«Արաս»ի Նուէրը Պատանի Ընթերցողին ​«Արաս»ի Նուէրը Պատանի Ընթերցողին

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գիրք մը, որ հերթական նուէրը կը համարուի պատանի ընթերցասէրներուն համար։ Հրատարակչատան այս նոր գիրքը կը կոչուի «Կիրակոսը»։ Այս մէկը կը բնորոշուի ո՛չ միայն՝ որպէս նոր գիրք մը, այլ առանձնայատուկ է՝ քանի ուղղուած է նոր սերունդին։

«Կիրակոսը» կու գայ համալրել հեղինակին՝ Անահիտ Սարգիսեանի անտիտղոս ու սիրելի, տարօրինակ ու հարազատ հերոսներու շարքը։ Պատանի ընթերցողը գիրքի հերոսին՝ Կիրակոսին հետ կը ծանօթանայ՝ անոր առօրեայով, ուրախութիւններով եւ դժուարութիւններով հանդերձ։ «Ինչպէ՞ս նստիլ սա դպրոցական գրասեղանին ետեւ, երբ ամբողջ տիեզերք մը ունիս ուղեղիդ մէջ։ Ինչպէ՞ս համակերպիլ դասարանին, ընկերներուն, ժամացոյցին, օրացոյցին… Դժուար չէ՞։ Դժուա՛ր է, բայց լաւ որ ելակի պաղպաղակը կայ», նշուած է պատանի ընթերցողին «Կիրակոսը» մատուցելու համար։

Հեղինակը՝ Անահիտ Սարգիսեան ծանօթ տիպար մըն է երեխաներուն հետ ձեռք ձեռքի ստեղծած իր գունաւոր աշխարհով, վերամշակած եւ յօրինած խաղ ու մաղով, հանելուկներով, տեսերիզներով եւ մանկապարտէզի ծրագրերով։ Այս բոլորը «Բարեւ Արեւ» երդիքին տակ ընդելուզուած են՝ լեզուական, երաժշտական, ժողովրդական եւ մշակութային բնական տարրերով։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+