​Ուաշինկթընի Մէջ Վաղը Պիտի Սկսին Արարատ Միրզոյեանի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Բանակցութիւնները - Հայերէն
10 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Մուրց / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

26 Haziran 2023  

​Ուաշինկթընի Մէջ Վաղը Պիտի Սկսին Արարատ Միրզոյեանի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Բանակցութիւնները -

​Ուաշինկթընի Մէջ Վաղը Պիտի Սկսին Արարատ Միրզոյեանի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Բանակցութիւնները ​Ուաշինկթընի Մէջ Վաղը Պիտի Սկսին Արարատ Միրզոյեանի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Բանակցութիւնները

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին վաղը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ պայմանագրին շուրջ քննարկումներուն հերթական փուլը պիտի հանդիսանայ այս մէկը, որ կը բնորոշուի բաւական լարուած մթնոլորտով՝ քանի Ատրպէյճան վերջնականօրէն եւ ամբողջութեամբ պաշարած է Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։

Շաբաթավերջին Ստեփանակերտէն հնչեց նաեւ հերթական արձագանգը՝ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընդառաջ։ Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը տարածեց՝ շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յստակ երաշխաւորման լաւագոյն ճանապարհը ուղիղ եւ բովանդակային քննարկումներն են Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+