​Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ - Հայերէն
01 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Արեգ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

05 Temmuz 2023  

​Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ -

​Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ ​Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով, որ Երեւան եւ Պաքու համաձայնութիւն գոյացուցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի քանի մը յօդուածներու շուրջ եւս:

Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններու երկրորդ փուլին հիմամբ, ինչպէս տեղեկացուցին կողմերը` նաեւ փոխըմբռնման յառաջընթաց արձանագրուած է` նոյն ժամանակ արձանագրելով, որ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն հետագայ աշխատանք:

Միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «27-29 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Վիրճինիա նահանգի Արլինկթըն քաղաքի Ճորճ Շուլցի արտաքին գործերու ազգային ուսումնական կեդրոնին կատարած են երկկողմանի բանակցութիւններ: Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Նախարարներն ու անոնց անձնակազմերը շարունակած են յառաջընթացը «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» երկկողմ համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ: Անոնք համաձայնութեան հասած են համաձայնագիրի նախագիծի եւս քանի մը յօդուածներու շուրջ եւ արձանագրած են փոխըմբռնման յառաջընթաց` միեւնոյն ժամանակ արձանագրելով, որ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն հետագայ աշխատանք: Երկու նախարարները իրենց գնահատանքը յայտնած են ամերիկեան կողմին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար եւ յայտնած բանակցութիւնները շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը»:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց. «Հարցերէն մէկը կը վերաբերի սահմանազատման հարցերուն, որոնք կ՛ենթադրեն 1975 թուականի քարտէսի շուրջ յանձնառութիւն: Միւսը` հայ-ազրպէյճանական սահմանէն զօրքերու յետքաշման: Հարցերէն մէկն ալ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու պատշաճ հասցէագրման` միջազգային գործիքակազմի ներքեւ»:

Ըստ Ուաշինկթընի` Որքան Մօտենան Համաձայնութեան, Կարգ Մը Պարագաներու Հարցերը Այդքան Կը Բարդանան

Ամփոփելով այդ քննարկումները` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, բայց վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

«Ես իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ձեռքբերման կարեւոր եւ բարդ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ լուծման համար շարք մը այլ կարեւոր հարցերու, որոնք կրնան նպաստել երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման», յայտարարեց Պլինքըն` առանց փակագիծերը բանալու:

Պլինքըն կարեւոր նկատեց պահպանումը բանակցութիւններու թափին, որուն կողմերը հասան հանդիպումներու ընթացքին` «ձեռք բերելու հետագայ համաձայնութիւններ զանազան կէտերու շուրջ` նպատակ ունենալով հասնիլ վերջնական եւ ընդհանուր համաձայնագիրի յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն»:

«Կը կարծեմ, որ նաեւ յստակ ըմբռնում կայ բոլոր կողմերուն մօտ, որ որքան մենք կը մօտենանք համաձայնութեան հասնելուն, որոշ պարագաներու այդքան կը բարդանայ ընթացքը, որովհետեւ ամէնէն բարդ հարցերը ձգուած են վերջաւորութեան: Բայց ես շատ շնորհակալ եմ թափանցիկութեան եւ անկեղծութեան ոգիին համար: Այդ է միակ ճամբան փոխըմբռնման եւ համաձայնութեան հասնելու համար», շեշտեց Պլինքըն:

Մինչ այդ, նախքան բանակցութիւններու եզրափակիչ նիստը Ուաշինկթըն կառուցողական նկատած էր բանակցութիւններու այս փուլը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Մենք կը կարծենք, որ բանակցութիւնները կառուցողական էին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը առանձին հանդիպումներ կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, եւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ համատեղ հանդիպում»:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+