Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ Շնորհաւորութիւններ - Հայերէն
17 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Ասակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

01 Kasım 2023  

Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ Շնորհաւորութիւններ -

Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ Շնորհաւորութիւններ Հանրապետութեան Տօնին Առթիւ Շնորհաւորութիւններ

Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին առթիւ քաղաքիս մէջ 28 Հոկտեմբեր 2023, Շաբաթ, ժամը 20.00-ին Ոսկեղջիւրի Րիքսոս Թէրսանէ սրահին կայացաւ Ստանպուլի Կուսակալ Տավուտ Կիւլի սարքած շնորհաւորական ընդունելութիւնը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, մասնակցեցաւ սոյն ընդունելութեան եւ շնորհաւորեց Մեծայարգ Կուսակալը։
Իսկ 29 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի, ժամը 9.30-ին Կուսակալութեան մէջ սարքուած պաշտօնական շնորհաւորական ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի մասնակցեցան Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ անդամներէն՝ Մինաս Արսլան։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Կիրակի առաւօտ, իր կողքին ունենալով Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան, ժամը 10.00-ին օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա եւ 12.30-ին Պէշթէփէյի Նախագահական Պալատան մէջ շնորհաւորեց Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանը։ Սոյն ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Յունաց Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Րաբունապետ՝ Րավ Իզաք Հալէվա, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտ։ Հայ համայնքէն ներկայ էին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր՝ Արա Գոչունեան։

Ընդունելութեան մասնակից հոգեւորականներ ժամը 15.00-ին Հանրապետութեան Նախագահի մասնաւոր օդանաւով Ստանպուլ հասան եւ ուղղուեցան Վոսփորի Արեւելեան ափին՝ Վահտէտտինի Ապարանքի պարտէզին մէջ մասնակցեցան պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ սարքուած հանդէսին, որու ընթացքին ներկաներ հետեւեցան Ծովային Ուժերու Հրամանատարութեան ենթակայ նաւատորմէն 100 մարտանաւերու շքերթին նաեւ օդային ուժերու սաւառնակներու հանդիսաւոր թռիչքներուն։

Նախ քան Հանրապետութեան Նախագահի շնորհաւորական պատգամը, հիւր հոգեւորականներ ապարանքի սրահներէն միոյն մէջ սարքուած պաշտօնական ընթրիքի սեղանի շուրջ մեծարուեցան։ Հանրապետութեան Նախագահը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ 100 տարուայ ընթացքին իրագործուած յաջողութեանց եւ մաղթեց որ այս դարադարձով սկսած «Թուրքիոյ Դար» կոչուած երկրորդ հարիւրամեակը բարեբեր եւ արդիւնաւոր ըլլայ երկրի վերելքին ու հայրենակիցներու բարօրութեան համար։

Վահտետտին Ապարանքի ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Աք Փարթի Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Աքսէլ Թօփալեան, Կիմիւշեան Կտակի Վարչութեան Ապենապետ՝ Արթուն Թէքիրօղլու, Էսաեան Վարժարանի Հիմնադրի Ներկայացուցիչ Լենա Ենիեօրկան, Մերի Թաքսի Տէվէճեան։

Բաց աստի մեր Հոգեւոր Պետը գրաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ, Հոգեւորականաց Դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններու վարչութեանց եւ Հայ համայնքին բարեմաղթութիւններ յղեց օրուան տօնին առիթով։




Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+