Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի Կանխատեսումները՝ Թուրքիոյ Բարգաւաճման Մասին - Հայերէն
09 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

13 Kasım 2024  

Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի Կանխատեսումները՝ Թուրքիոյ Բարգաւաճման Մասին -

Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի Կանխատեսումները՝ Թուրքիոյ Բարգաւաճման Մասին Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի Կանխատեսումները՝ Թուրքիոյ Բարգաւաճման Մասին

Տնտեսագէտ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլու զանազան առիթներով յաճախ կ'արժեւորէր Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը, ընդգծելով քանի մը նախապայմաններ, որոնք անպայման պէտք է իրագործուէին բարգաւաճ երկիր մը ունենալու համար։ Կայի՞ն շրջանակներ, որոնք ականջալուր կ'ըլլային այդ կանխատեսումներուն։ Վստահ չենք, բայց հիմա երբ ամբողջ աշխարհ կը խօսի Աճէմօղլուի մասին, իսկ ժողովրդավար երկիրները որպէս զարգացման հեռանկար ձեռք կ'առնեն անոր հիմնական տեսութիւնը, Թուրքիոյ մէջ եւս կը քննարկուին այդ տեսութեան հիմնական կէտերը։

Փրօֆ. Աճէմօղլու անցեալ շաբաթ Թուրքիա կը գտնուէր, հրաւիրուած էր որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս գալու Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան «ապրանքանիշերու շաբաթ» միջոցառման ընթացքին։

Բացի այդ միջոցառումներէն, հայազգի տնտեսագէտը հարցազրոյց տուաւ նաեւ յայտնի լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլըին։ Ինչպէս ծանօթ է Ալթայլը շուրջ 1.2 միլիոն հետեւորդներ ունի «Եու Թիւպ»ի իր ալիքին վրայ, Տարօն Աճէմօղլուի հետ քննարկեց Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը, ունկնդիրները հաղորդ դարձուց Աճէմօղլուի «նոպէլեան տեսութեան»։ Ընդամէնը երկու օր է որ հարցազրոյցը սփռուեցաւ, բայց արդէն իսկ 351 հազար հոգի ունկնդրած է զայն, աւելի քան 1000 հոգի գնահատանքի տողերով շնորհակալութիւն յայտնած է թէ՛ հայազգի փրօֆէսէօրին, թէ՛ լրագրող Ալթայլըին։
Որո՞նք էին հարցազրոյցի առանցքային կէտերը։

Աճէմօղլուի համաձայն, Թուրքիա հազիւ 15-20 տարուայ «պատուհան» մը ունի տնտեսութեան ոլորտը «կարգի բերելու» համար։ Ինչպէս ինք մէջտեղ կը քշէ իր տեսութեան մէջ, բարգաւաճում անկարելի է ակնկալել եթէ վճռական բարեփոխումներ չկատարուին կրթութեան եւ իրաւական համակարգին մէջ, որոնք ժողովրդավարութեան հիմնական բաղադրիչներն են։

Խօսքի ու մարդու իրաւունքներու ազատութեան խնդիրը ինքնաբերաբար ազդեցութիւն կը գործէ երկրի մը զարգացման վրայ, հետեւաբար, ըստ Փրօֆ. Աճէմօղլուին, եթէ ինք Թուրքիոյ մէջ մնար եւ հոսկէ աշխատէր, անկարելի է որ Նոպէլի արժանանար։ «Թուրքիոյ մէջ համալսարանները ազատ չեն։ Գիտնականներուն «կ'ըսեն» թէ անոնք ի՛նչ պէտք է ընեն։ Այդպիսի պայմաններուն տակ աշխատող գիտնական մը կրնա՞յ Նոպէլ ստանալ։ Ո՛չ, չի կրնար», ըսաւ Աճէմօղլու։

Հարցազրոյցի վերջին բաժնով Ալթայլը ակամայ «բացայայտեց» որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2028ի Նախագահական ընտրութիւններուն մէջ։ «Նախագահ մը չի կրնար ամէն ինչ գիտնալ։ Պէտք է իր շուրջ հաւաքէ իմաստուն ու խելացի մարդիկը, պարտաւոր է ականջ կախելու այդ մարդոց գաղափարներուն եւ յետոյ զանոնք «շաղախելով», գործածելու ի շահ երկրին։ Եթէ ընտրուիմ, առաջին գործս պիտի ըլլայ քեզմէ խորհուրդներ հարցնել», ըսաւ Ալթայլը։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+