Ամերիկեան AECOM-ի Խումբը Հայաստան Կ’այցելէ՝ Մեկնարկելու TRIPP-ի Տեղանքի Հետազօտման Աշխատանքները -
Ամերիկեան AECOM-ի Խումբը Հայաստան Կ’այցելէ՝ Մեկնարկելու TRIPP-ի Տեղանքի Հետազօտման Աշխատանքները
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան «Համաշխարհային ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու շուրջ գործակցութեան հիմնադրամի» պատուիրակմամբ Հայաստան ժամանած ամերիկեան AECOM ընկերութեան խումբը։ Ամերիկեան ընկերութեան ներկայացութիւնները Հայաստան եկած են՝ մեկնարկելու TRIPP-ի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները: Հանդիպման ընթացքին AECOM-ի ներկայացուցիչները փոխվարչապետին ներկայացուցած են մշակուելիք տեխնիկատնտեսական գնահատման շուրջ աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններն ու ակնկալուող արդիւնքները։ Մհեր Գրիգորեան կարեւորած է TRIPP-ի իրականացուող աշխատանքները՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։ Ան ներկայացուցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները՝ շեշտելով Հայաստանի տարածքով բեռներու եւ միջոցներու տարանցման մեծ ներուժը: Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նախօրէին ընդունած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը: Անոնք քննարկած եւ համաձայնեցուցած էին TRIPP-ի իրականացման հետ կապուած գործառնական եւ իրաւական բնոյթի շարք մը հարցեր:
Bu haber massispost kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (massispost) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(massispost). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com