Վոլոտին․ «Ուքրանիոյ Մէջ Ալ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Կը Սկսէր» - Հայերէն
14 Mayıs 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

13 Mayıs 2026  

Վոլոտին․ «Ուքրանիոյ Մէջ Ալ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Կը Սկսէր» -

Վոլոտին․ «Ուքրանիոյ Մէջ Ալ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Կը Սկսէր» Վոլոտին․ «Ուքրանիոյ Մէջ Ալ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Կը Սկսէր»

Ռուսաստանի խորհրդարանի Ստորին պալատի՝ Պետդումայի նախագահ Վյաչեսլավ Վոլոտին զուգահեռներ գծած է Ուքրանիոյ մէջ՝ 10 տարի առաջ եւ այսօր Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացներուն միջեւ։ «Ուքրանիոյ մէջ ալ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս կը սկսէր», – МАХ ընկերային ցանցի իր օգտահաշուով գրած է Վոլոտինը։ Անդրադառնալով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի՝ Երեւան կատարած այցին, Վոլոտին նշած է․ «Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Վովաեւիչի այդ քայլը բարեկամական չէր ոչ մեր երկրին, ոչ Ռուսաստանի քաղաքացիներուն, ոչ ալ նոյնիսկ հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Այսօր բոլորին համար ալ ակնյայտ մէկ հարց գոյութիւն ունի՝ ինչպէ՞ս պիտի զարգանան մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները Փաշինեանի այսպիսի արարքներէն յետոյ։ Պիտի մերձենա՞ն մեր պետութիւնները, թէ՞ պիտի հեռանան իրարմէ։ Յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը աւելի շատ պիտի ըլլայ, թէ՞ աւելի քիչ։ Ամենայն հաւանականութեամբ երկրորդը։ Ակամայ զուգահեռներ կը ծագին։ Ուքրանիոյ մէջ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկիզբ կ’առնէր»,- գրած է Վոլոտին։




Bu haber massispost kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (massispost) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(massispost). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+