Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Յատկանշուեցան Աշխուժ Մասնակցութեամբ Եւ Բազմաթիւ Օրինախախտումներ - Հայերէն
08 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Միհր / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Haziran 2026  

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Յատկանշուեցան Աշխուժ Մասնակցութեամբ Եւ Բազմաթիւ Օրինախախտումներ -

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Յատկանշուեցան Աշխուժ Մասնակցութեամբ  Եւ Բազմաթիւ Օրինախախտումներ Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Յատկանշուեցան Աշխուժ Մասնակցութեամբ Եւ Բազմաթիւ Օրինախախտումներով. Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութիւնը` 58,97 Առ Հարիւր

Երէկ իններորդ անգամն ըլլալով վերանկախացած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Ըստ օրէնքի, նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ պէտք է առնուազն 101 պատգամաւոր ըլլայ եւ ամէնէն քիչը երեք քաղաքական ուժ: Պատգամաւորական այդ աթոռներուն համար մրցապայքարի դուրս եկած էին 16 կուսակցութիւններ եւ 2 դաշինք: Խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ է 4, իսկ դաշինքներուն` առնուազն 8 տոկոս քուէ: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունէր 2 միլիոն 505 հազար 102 անձ: Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւնները յատկանշուեցան քուէարկողներու աշխուժութեամբ եւ մեծաթիւ մասնակցութեամբ: Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ի տուեալներով երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ քուէարկողներուն 58,97 առ հարիւրը, 1.476.597 հոգի:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն քուէարկեց ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող գործիչ Նարեկ Կարապետեան:

«Քուէարկեցի յանուն մեր երկրին մէջ մեծ փոփոխութեան եւ վերակառուցուող Հայաստանի, ուր հայերը հիմնականին մէջ կը զբաղին իրենց երկիրը կառուցելով եւ ոչ թէ իրարու վատութիւն ընելով, իրարու հետ կռուելով», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Նարեկ Կարապետեան:

«Դիմելով մեր հայրենակիցներուն` կ՛ուզեմ ըսել` գացէ՛ք ընտրութեան», կոչ ուղղեց Կարապետեան:

Քուէարկութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան քուէարկելէ ետք յայտարարեց, որ «իմ ակնկալիքը հայ քաղաքացիներու ազատ կամքի արտայայտութիւնն է»` աւելցնելով, որ ժողովուրդը ընտրութիւն կատարելու ընթացքին պէտք է առաջնորդուի պետութեան, անկախութեան, ապագային եւ խաղաղութեան տէր կանգնելու անհրաժեշտութեամբ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ պատրա՞ստ է իբրեւ ընդդիմութիւն աշխատելու մեծամասնութիւն չունենալու պարագային, Փաշինեան ըսաւ. «Ժողովուրդը ինչ որ որոշէ, այն ալ կ՛ընենք»:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը քուէարկելէ ետք լրագրողներուն ըսաւ. «Կատարեցինք մեր ընտրութիւնը` աղօթքով եւ հայցով, որ Աստուած անսասան պահէ հայոց պետութիւնը»:

«Մենք կատարեցինք մեր ընտրութիւնը` աղօթքով եւ հայցով, որ Աստուած անսասան պահէ հայոց պետութիւնը, օրհնէ մեր ժողովուրդը` յաղթահարելու մեր կեանքին մէջ առկայ դժուարին, ծանր այս փորձութիւնները եւ կերտելու հզօր, ապահով, անվտանգ, օրինայարգ եւ բարօր երկիր», նշեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ընտրութիւնները ուղեկցուեցան օրինախախտումներու շարքով եւ ոստիկանական կամայականութիւններով: «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները ահազանգեցին իրենց աջակիցներու կալանաւորման եւ ձերբակալութեան դէպքերու մասին: «Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ իր նախընտրական կեդրոնի անդամները ապօրինաբար բերման կ՛ենթարկեն եւ/կամ կը ձերբակալուին տարբեր պատճառաբանութիւններով, ներառեալ իբրեւ վկայ հարցաքննուելու պատրուակով` այս արարքները որակելով ընտրական իրաւունքի խախտում:

Ձերբակալութիւններուն մասին խօսեցաւ նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան քուէարկութեան մասնակցելէ ետք: Ան լրագրողներուն ըսաւ. «Հիմա ալ մեր բոլոր համակիրներու շրջապատին մէջ ձերբակալութիւններ են, երէկ ալ հարիւրէ աւելի մարդ ձերբակալած են, բայց վախնալիք որեւէ բան չկայ»,

Կարապետեան հերքեց իրաւապահներու հաղորդագրութիւնները, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ը ընտրակաշառք կը բաժնէ:

«Եթէ բաժնած ըլլայինք, հիմա զիս նորէն կալանաւորած կ՛ըլլային», ըսաւ յայտնի գործարարը, որ այժմ տնային կալանքի տակ է եւ քուէարկելու եկած էր իրաւապահներու ուղեկցութեամբ:

Արտաքին յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Կարապետեան ըսաւ, որ պէտք է ըլլան հաւասարակշռուած, բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններ:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ հաւաքական ընդդիմութիւնը յաղթելու միանշանակ կարելիութիւններ ունի:

«Ով որ ամէնէն շատ ձայնը կը հաւաքէ, ան ալ իր վարչապետի թեկնածուն կ՛առաջադրէ», ըսաւ Ծառուկեան:

Ծառուկեան նոյնպէս յայտնեց իր համակիրներու շրջապատին մէջ ձերբակալութիւններու մասին:

«Մօտ 50 մարդու տարած են, անտեղի, որ մարդիկ չզբաղին… Ինչքան ալ ընեն, մէկ է` պարտուած են», ըսաւ Գագիկ Ծառուկեան:

«Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը խայտառակութիւն որակեց ընդդիմադիրներու նկատմամբ քրէական գործերը, կալանքները:

«Հայաստան» դաշինքը օրուան ընթացքին քանի մը առիթներով յայտարարութիւններ հրապարակեց կատարուած օրինախախտումներուն մասին: «Հայաստան» դաշինքը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ արձանագրուած են քուէաթերթիկներ ընտրատեղամաս բերելու, ինչպէս նաեւ ընտրատեղամասէն դուրս հանելու դէպքեր:

Նշուած բոլոր դէպքերը, ըստ հաղորդագրութեան, կը գտնուին «Հայաստան» դաշինքի վստահուած անձերու եւ իրաւական խումբերու մնայուն վերահսկողութեան ներքեւ: «Ստացուած տեղեկութիւնները կը ստուգուին, կը փաստագրուին եւ սահմանուած կարգով կը փոխանցուին իրաւասու մարմիններուն»:

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակցելէ ետք յայտարարեց. «Քուէարկած եմ յանուն խաղաղ, զարգացող, ամուր ու կայուն ապագայ ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Երեկոյեան «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներ Իշխան Սաղաթէլեանը, Արծուիկ Մինասեանը, Արթուր Խաչատրեանը եւ Ագնեսա Խամոյեանը հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: Անոնք անդրադարձան կանուխ առաւօտէն Քաղաքացիական պայմանագիրի ընտրախախտումներուն, վարչական միջոցներու շահագործման եւ իրաւապահներու ահաբեկչութեան:

«Ընտրութիւնները սկսելէ առաջ եւ այսօր` ամբողջ օրուան ընթացքին, գործող վարչախումբը լայնածաւալ բռնաճնշումներու սկսած է ընդդիմադիր քաղաքական միաւորներու, նաեւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական կեդրոններու պատասխանատուներու եւ համակիրներու նկատմամբ», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ առաւօտէն մարդոց տարբեր պատրուակներով, կեղծ ձայնագրութիւններով կը տանին հարցաքննութեան, որոշ մարդոց ազատ կը ձգեն, ուրիշներու կը փորձեն մեղադրանք առաջադրել:

«Նպատակն է` կազմալուծել, սահմանափակել, խոչընդոտել մեր կեդրոններուն գործունէութիւնը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ, հակառակ արձանագրուած խախտումներուն եւ ճնշումներուն, ընտրողներու աշխուժ մասնակցութիւնը, իր կարծիքով, ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները չեն կրնար միայն վարչական լծակներու միջոցով ապահովել իրենց վերարտադրութիւնը: Ան բարձր գնահատեց քաղաքացիներու մասնակցութեան մակարդակը` զայն նկատելով կարեւոր եւ անհրաժեշտ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+