Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Երկխօսութիւնը` Ազրպէյճանի Հետ Համակարգումով» - Հայերէն
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

10 Haziran 2026  

Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Երկխօսութիւնը` Ազրպէյճանի Հետ Համակարգումով» -

Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ  Երկխօսութիւնը` Ազրպէյճանի Հետ Համակարգումով» Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Հայաստանի Հետ Երկխօսութիւնը` Ազրպէյճանի Հետ Համակարգումով»

Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համակարգումով: Մենք կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք:

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրութիւն` առանց որեւէ յապաղման:

Նախարարին համաձայն, Ազրպէյճանի օրինական եւ հիմնաւորուած մտահոգութիւնները պէտք է փարատուին:

Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիան կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, իսկ կողմերու ցուցաբերած քաղաքական կամքը շրջանին համար կարելիութիւններու շօշափելի պատուհան բացած է:

Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+