«Հայաստան» Դաշինքը Ծանրակշիռ Փաստերով Սահմանադրական Դատարանին Մէջ Պիտի Վիճարկէ Ընտրութիւններուն Ա - Հայերէն
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

10 Haziran 2026  

«Հայաստան» Դաշինքը Ծանրակշիռ Փաստերով Սահմանադրական Դատարանին Մէջ Պիտի Վիճարկէ Ընտրութիւններուն Ա -

«Հայաստան» Դաշինքը Ծանրակշիռ Փաստերով  Սահմանադրական Դատարանին Մէջ Պիտի Վիճարկէ  Ընտրութիւններուն Ա «Հայաստան» Դաշինքը Ծանրակշիռ Փաստերով Սահմանադրական Դատարանին Մէջ Պիտի Վիճարկէ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Երէկ` 9 յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` անդրադառնալով ընտրակեղծիքներուն եւ ընդդիմութեան հետագայ քայլերուն:

«Հայաստան» դաշինքը 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու` շարք մը տեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները բողոքարկած է, տեղի պիտի ունենայ վերահաշուարկ. ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ակնյայտ է, որ կան տեղամասերուն մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքին մէջ տեղադրուած տուեալներու անհամապատասխանութիւն», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Մենք կը պատրաստուինք դիմել Սահմանադրական դատարան` վիճարկելու ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ակնյայտ է, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են ճնշումներու, ոչ արդար, ոչ ազատ պայմաններու մէջ, ատոր համար կան բազմաթիւ փաստեր, թղթածրարը կը պատրաստուի»:

Անդրադառնալով պատգամաւորական լիազօրագիրերը ստանձնել-չստանձնելու հարցի քննարկումներուն` Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այս հարցերու պատասխանը ունենալէ ետք եւ համապատասխան խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք ընդդիմադիր գործընկեր քաղաքական ուժերու հետ, որովհետեւ այդ որոշումը պէտք է ըլլայ միասնական, մեր դիրքորոշումը վերջնականապէս պիտի յայտնենք: Մեր տալիք որեւէ որոշում պիտի բխի ընդհանուր պայքարի տրամաբանութենէն»:

Ան շեշտեց, որ իրենք այս գործընթացին մէջ կարեւոր կը նկատեն նաեւ այն հանգամանքը, որ հասկնան Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան շեմը յաղթահարելու հարցը, որովհետեւ իրենց կարծիքով` այդտեղ ակնյայտ ապօրինութիւն տեղի ունեցած երրորդ ընդդիմադիր ուժի մուտքը Ազգային ժողով սահմանափակելու առումով:

Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց քաղաքացիներուն` յորդորելով չյուսահատիլ եւ չընկճուիլ:

«Իրականութեան մէջ, ծանր մթնոլորտ է, թրքահպատակ իշխանութիւնը, որ երկիրը պիտի տանի նոր փորձութեան մը, վարչական խայտառակ մեթոտներով կը փորձէ վերարտադրութիւնը ապահովել: Սա ի հարկէ ծանր հարուած է այն մարդոց համար, որոնք դուրս եկած են պայքարի: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ մենք աննահանջ պիտի շարունակենք մեր պայքարը, որովհետեւ հաշտուիլ, համակերպիլ պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:

Երէկ որոշ ընտրատեղամասերու պարագային քուէարկութեան վերահաշուարկ տեղի ունեցաւ: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի, ընդհանուր թիւով 30 դիմում ներկայացուցած էին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան եւ «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի վստահուած անձեր եւ թեկնածուներ: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անճշդութիւններու մասին բարձրաձայնած էր նախանցեալ օր, երբ միայն չորս ընտրատեղամասերու մէջ, ընդդիմադիր կուսակցութեան տուեալներով, 120 ձայն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը չէր հաշուարկած: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան արձանագրած անճշդութիւնները պիտի ուղղուին ու արդէն արտացոլուած պիտի ըլլան ուրբաթ օր հրապարակուելիք քաղուածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի օր հրապարակուելիք ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն մէջ: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բանբերը: Ըստ վերահաշուարկի այս մասնակի արդիւնքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անցած եղաւ քուէներու 4 տոկոսի շեմը, ուստի իրաւունք կ՛ունենայ ներկայացուելու խորհրդարանին մէջ:

Իր կարգին, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի լիազօրուած անձը քանի մը տասնեակ տեղամասերու մէջ վերահաշուարկ կատարելու դիմումներ ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց պատգամաւորի թեկնածու Գոհար Մելոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սահմանադրական դատարանին մէջ կը պատրաստուի՞ն վիճարկել 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները, Մելոյեան պատասխանեց` որոշում պիտի կայացնեն վերջնական արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք:

Այս ընթացքին քաղաքական բնոյթի հետապնդումները շարունակուեցան Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու նկատմամբ: Երէկ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ու մեղադրանք առաջադրուած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ` առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէ խուսափելու համար, յայտնեցին Գլխաւոր դատախազութենէն:

«Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ղեկավարին նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն բացակայելու արգելքը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «Էքս»-ի վրայ երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անոր կուսակցութեան վերընտրուելուն առիթով: Միացեալ Նահանգները կանգնած են վարչապետ Փաշինեանի եւ Հայաստանի կողքին` խաղաղութեան ձգտման ճանապարհին»:

«Մենք յանձնառու ենք առաջ մղել Ուաշինկթընի պատմական խաղաղութեան վեհաժողովի նպատակները, ներառեալ «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղիի»` ԹՐԻՓՓ-ի իրականացումը: Մենք կ՛ակնկալենք միասին աշխատիլ` Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անկէ դուրս խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու ուղղութեամբ», գրած է Ռուպիօ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+