Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ծրագիրներ Չկան» - Հայերէն
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

10 Haziran 2026  

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ծրագիրներ Չկան» -

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան  Ծրագիրներ Չկան» Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ծրագիրներ Չկան»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Ներկայիս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարելու որեւէ ծրագիր չկայ»:

«Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կը շարունակեն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ հաղորդակցութիւնները», աւելցուց ան:

«Ուքրանիոյ հարցով միջնորդութիւնը ներկայիս դադրած է: Բայց եւ այնպէս, ամերիկացի երկու բանագնացները կը շարունակեն հաղորդակցութիւնները, եւ առկայ խողովակներու ճամբով մեզի հետ եւ ուքրանացիներուն հետ քննարկումները կը շարունակուին: Տակաւին անոնց այցելութեան յստակ թուական չկայ, սակայն ուրախ պիտի ըլլանք զանոնք որեւէ ատեն Ռուսիոյ մէջ հիւրընկալելու», նշեց Փեսքով:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը Քրեմլինին հեռաձայնային այդ հաղորդակցութենէն տեղեակ չէ պահած:

Պատասխանելով եւրոպական կողմին հետ հաւանական միջնորդութեան ջանքերուն շուրջ հարցումին` Փեսքով ըսաւ, թէ Ռուսիոյ կարծիքով` ներկայիս մասնակցութիւնը «անընդունելի է»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+