Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն - Հայերէն
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

10 Haziran 2026  

Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն -

Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն

Գահիրէի մէջ միջնորդները յայտնեցին, որ կը շարունակեն իրենց ջանքերը փրկելու Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը, որ վերջ տուաւ մեծ բախումներուն, սակայն շարք մը կարեւոր հարցեր առանց լուծումի ձգեց։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն։

Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը շարունակ զիրար կ՛ամբաստանեն զինադադարը խախտելու ամբաստանութեամբ։

Կազայի մէջ գործող առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ իսրայէլեան օդային յարձակումները զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն ի վեր աւելի քան 950 զոհ պատճառած են, մինչ Իսրայէլ կ՛ըսէ, թէ նոյն ժամանակաշրջանին իր զինուորներէն չորսը սպաննուած են զինեալներու կողմէ։

Իսրայէլեան ուժերը տակաւին Կազայի աւելի քան 60 առ հարիւրին կը վերահսկեն։

Կազայի հարաւի շրջանէն ականատեսներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ իսրայէլեան ուժերը վերջին օրերուն Խան Եունեսէն արեւելք եւ Ռաֆահէն հիւսիս գտնուող կարգ մը շրջաններու մէջ ընդլայնած են «դեղին գօտի»-ն։

Համասէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլ կը մերժէ Կազայի մէջ քաղաքայիններու վրայ յարձակումները դադրեցնել, ինչպէս նաեւ կը մերժէ, որ օժանդակութիւններով բեռցուած 600 բեռնակառքեր մուտք գործեն Կազա, ինչպէս համաձայնութիւնը կը նշէ, «եւ տակաւին ամէն օր յաւելեալ հողեր կը բռնագրաւէ»։




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+