Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք» -
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտեցինք, եւ անոնք համաձայն գտնուեցան բացարձակապէս հիւլէական զէնք չունենալու, ինչ որ բան մըն է, որուն վրայ պնդեցինք: Հիմնական նպատակը այդ էր»: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը:
«Ասիկա համաձայնութեան 95 առ հարիւրն է», ըսաւ ան:
Աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը զինադադարի ընթացքին հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի հարստացուած իւրանիոմի հարցին շուրջ մեքանիզմ ներառող փոխըմբռնման յուշագիրի մը ծիրին մէջ:
Աղբիւրը կայքին ըսաւ, որ չորս ամերիկեան օդանաւեր, որոնք Իրանի հետ հաւանական համաձայնութիւնը ստորագրելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի համար սարքեր կը պարունակեն, հինգշաբթի օր ուղղուած են Եւրոպա:
Ան աւելցուց, որ փոխըմբռնման յուշագիրի նախագիծը կը բովանդակէ, ներառեալ Լիբանանի մէջ, 60 օր տեւողութեամբ զինադադար, որուն դիմաց Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները կը մեղմացուին, պայմանով որ ան իր խոստումները յարգէ:
Փոխըմբռնումները նաեւ Հորմուզի նեղուցի անմիջապէս եւ առանց տուրքերու հաստատման վերաբացումը կը ներառեն:
Ամերիկեան աղբիւր մը ամերիկեան կայքին յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջերս կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին մօտիկ եղողներու հետ` փորձելով համաձայնութեան շուրջ տեղեկութիւններ հաւաքել:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ կայքին ըսած են, թէ սկզբունքային համաձայնութիւնը գոյացած է քաթարցի միջնորդի ղեկավարութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին:
Աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփին յայտնած է, որ կը հասկնայ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու իր ձգտումը, սակայն շեշտած է, որ Իսրայէլը Իրանի հետ հաւանական որեւէ փոխըմբռնման զոհը պէտք չէ ըլլայ:
Եօթներու խմբակէն պաշտօնատարներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը կրնայ կիրակի օր ստորագրուիլ Ժընեւի մէջ:
Եօթներու խմբակէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան նշած է, որ ստորագրուելիքը հաւանաբար փոխըմռնման յուշագիր մը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ վերջնական համաձայնութիւն:
Արեւմտեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրը կրնայ կիրակի օր Ժընեւի մէջ ստորագրուիլ:
Աղբիւրը նշեց, որ Իրան կառչած կը մնայ Լիբանանի մէջ կռիւին վերջ տալու իր պահանջին:
Արեւմտեան աղբիւրը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ պիտի ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիրը:
Բանակցութիւններուն մասնակից իրանեան պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւր մը իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կիրակի օր Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման մասին տեղեկութիւնները ճիշդ չեն:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը կը ներառէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յանձնառութիւն վերցնելու պատժամիջոցները, իրենց ուժերը հեռացնելու Իրանի շուրջ գտնուող շրջաններէն եւ ծովային շրջափակման վերջ տալու:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ վերջնական բանակցութիւնները կը կեդրոնանան հիւլէական ու տնտեսական հարցերուն վրայ եւ պիտի չանդրադառնան Իրանի հրթիռային ծրագիրին: Յուշագիրը նաեւ կը ներառէ Հորմուզի նեղուցի վերաբացում, քարիւղի ոլորտին դէմ պատժամիջոցներու ջնջում եւ իրանեան սառեցուած հաշիւներու ապասառեցում:
«Մեհր» հաղորդեց, որ համաձայնութեան նախագիծը առնչակից իշխանութիւններուն կողմէ վերջնական վաւերացման կը կարօտի:
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յուշագիրի ընդհանուր գիծերը ներկայիս հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չի պարունակեր:
Լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան պատերազմին վերջ տալու յուշագիրի ստորագրումէն ետք 60 օրուան ընթացքին:
ԻՐՆԱ շեշտեց, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Թեհրանի սկզբունքներուն ծիրին մէջ` շեշտելով իւրանիոմի հարստացում կատարելու եւ զայն երկրին մէջ պահելու Իրանի իրաւունքը:
«Ի տարբերութիւն արեւմտեան լրատուամիջոցներու հաղորդածին, Իրան Հորմուզի նեղուցի կառավարումէն պիտի չհրաժարի», աւելցուց լրատու գործակալութիւնը:
«Յուշագիրի ներկայ բնագիրին ստորագրման պարագային, Միացեալ Նահանգներ յանձնառութիւն կը ստանձնեն Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալ ստիպելու», նշեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Ներկայ բնագիրը «զինադադարի երկարաձգում» արտայայտութիւնը չի պարունակեր, այլ պատերազմը բոլոր ճակատներուն վրայ ամբողջովին աւարտել», յայտնեց իրանեան լրատու գործակալութիւնը:
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Ճնշում կը բանեցնենք` հաւանական համաձայնութեան մէջ Իրանի սառեցուած հաշիւներու ապասառեցումը արգիլելու համար»:
Իրանեան աղբիւրներ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգները ընդունած են Իրանի առաջարկը, իրանեան վարչակարգի գերագոյն մարմիններուն կողմէ այս նախագիծի որդեգրման հաւանականութիւնը բարձր է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Նախապէս ըսինք, թէ համաձայնութեան յօդուածներուն մեծամասնութիւնը վճռուած է, սակայն ամերիկեան կողմը կ՛ուզէր նոր պահանջներ աւելցնել»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրանի բարձրագոյն հեղինակութիւնները պիտի քննարկեն հաւանական որեւէ փոխըմբռնման յուշագիրի բոլոր կէտերը եւ իրենց կեցուածքը ատենին պիտի յայտարարեն` աւելցնելով, որ համաձայնութեան կնքման թուականին ու վայրին վերաբերեալ խօսակցութիւնները տեղեկատուական ենթադրութիւններ են:
Նախարարութիւնը ըսաւ, որ փոխըմբռնման յուշագիրի բնագիրը գրեթէ պատրաստ է, եւ միջնորդները հիմա աշխուժ աշխատանք կը տանին, եւ Փաքիստանն ու Քաթարը ազդու միջնորդութիւն կը կատարեն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Իրան ապացուցեց, թէ իբրեւ կարմիր գիծ իր ճշդած հարցերուն մէջ չի զիջիր:
Թրամփ աւելի ուշ նշեց, որ Իրանի սպրդեցուցած պայմանները որեւէ կապ չունին այն պայմաններուն հետ, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է գրաւոր կերպով:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ համաձայնութիւնը Իրանին կ՛արգիլէ ահաբեկչական խմբաւորումներ ֆինանսաւորել:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com