Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու» - Հայերէն
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

10 Haziran 2026  

Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու» -

Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են  Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու» Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլն ու Իրանը համաձայնած են մէկ շաբաթով կամ աւելի ժամանակով դադրեցնելու կրակոցը:

Անոր համաձայն, կողմերը կը գտնուին բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին մէջ, եւ համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ յառաջիկայ երկու-երեք օրուան ընթացքին:

Թրամփ նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ յաջող զրոյցէն ետք կողմերը որոշած են դադրեցնել հարուածները եւ զիրար հանգիստ ձգել:

Սպասուող գործարքը պիտի երաշխաւորէ, որ Իրան ոչ մէկ պարագայի պիտի չունենայ հիւլէական զէնք, իսկ ատոր ստորագրումէն անմիջապէս ետք Հորմուզի նեղուցը պիտի բացուի նաւագնացութեան համար:

Փաքիստանեան աղբիւր մը «Արապիա»-ին յայտնեց, որ Իսլամապատ «բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարէ այս շաբաթ փոխըմբռնումը գոյացնելու համար»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց. «Երէկ` երկուշաբթի օր, Թրամփ յաջողեցաւ Իսրայէլն ու Իրանը գահավէժ վիճակի եզրէն հեռացնել, սակայն յստակ չէ, եթէ այս կացութիւնը պիտի շարունակուի»:

«Աքսիոս» նշեց. «Թրամփ «Աքսիոս»-ի հետ հեռաձայնային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն զգուշացուցած է, որ եթէ Իրանի հետ պատերազմին վերադառնայ, ինքզինք կռիւի մէջ առանձին կրնայ գտնել»:

Իսրայէլեան աղբիւր մը կայքին յայտնած է. «Իսրայէլեան բանակը կիրակի օր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումէն առաջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան տեղեակ պահած է, սակայն Սպիտակ տան տեղեակ չէ պահած»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը նշած է. «Թրամփ, որ քանի մը օր առաջ լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կանգնեցուց ծրագրուած իսրայէլեան յարձակում մը, հարուածէն դժգոհ էր»:

Սպիտակ տան բանբերը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Թրամփ Նեթանիահուի հետ տոկուն յարաբերութիւն ունի, եւ Իսրայէլ միշտ ալ Միացեալ Նահանգներու հզօր դաշնակիցը եղած է:

«Թրամփէն աւելի մեծ Իսրայէլի բարեկամ մը եւ խաղաղութեան պաշտպան մը չէ եղած», ըսած է բանբերը` աւելցնելով, որ Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումները մեծ յաջողութիւն արձանագրած են:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+