ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. »ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀՐԱՇՔ ՊԻՏԻ ՉՍՏԵՂԾԷ« - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

24 Haziran 2026  

ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. »ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀՐԱՇՔ ՊԻՏԻ ՉՍՏԵՂԾԷ« -

ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. »ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀՐԱՇՔ ՊԻՏԻ ՉՍՏԵՂԾԷ« ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ. »ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀՐԱՇՔ ՊԻՏԻ ՉՍՏԵՂԾԷ«

Արհեստական բանականութիւնը վերջին տարիներուն դարձած է համաշխարհային տնտեսութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ քաղաքականութեան ամենաքննարկուած թէմաներէն մէկը։ Շատեր զայն կը ներկայացնեն որպէս նոր »արդիւնաբերական յեղափոխութիւն«, որ արմատապէս պիտի փոխէ մարդկային կեանքը եւ տնտեսական համակարգերը։ Մինչդեռ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Նոպէլեան մրցանակակիր Տարօն Աճէմօղլու աւելի զուսպ եւ զգուշաւոր գնահատական կու տայ այս զարգացումներուն։

Ամերիկայի Մասաչուսէցի թեքնիքագիտական հիմնարկի (Էմ-Այ-Թի) դասախօս Աճէմօղլուի համոզումով, արհեստական բանականութեան շուրջ ստեղծուած ակնկալութիւններուն մեծ մասը չափազանցուած է, մինչդեռ հանրային քննարկումները յաճախ կը շրջանցեն իսկապէս կարեւոր հարցերը՝ աշխատանքի շուկան, եկամուտներու անհաւասարութիւնը եւ տնտեսական իշխանութեան կեդրոնացումը։

Թարգմանաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք »Ֆորթուն« պարբերականի հետ Փրօֆ. Աճէմօղլուի հարցազրոյցը.-

Հայազգի տնտեսագէտը իր արժեւորումները կատարած է նախ եւ առաջ պատասխան տալով գլխաւոր հարցումին, որ սա է. յառաջիկայ տասը տարիներուն արհեստական բանականութիւնը համաշխարհային արտադրողականութեան ընդամէնը մօտաւորապէս 0.55 առ հարիւր աճ պիտի ապահովէ։ Ըստ իրեն, ներկայ պայմաններուն մէջ աշխատանքային առաջադրանքներու միայն 5 առ հարիւրը կրնայ տնտեսապէս արդիւնաւէտ կերպով իրագործուիլ, իսկ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւնը սահմանափակ պիտի մնայ՝ համախառն ներքին արտադրութեան 1-1,5 առ հարիւրի շրջանակին մէջ։

* Արտադրողականութեան իրական աղբիւրը։

Աճէմօղլու կը շեշտէ, որ արտադրողականութեան բարձրացումը ինքնին մեքենաներու կողմէ մարդոց փոխարինուելուն մէջ չէ։ Իր կարծիքով, իրական առաջընթացը պիտի գայ այն արհեստական բանականութենէն, որ աշխատողներուն պիտի օգնէ կատարել այնպիսի գործեր, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի կամ դժուար էին։

Այս իմաստով ան կը տարբերակէ »փոխարինող« եւ »ամբողջացնող-լրացնող« արհեստական բանականութիւնները։ Առաջինը կը ձգտի մարդը փոխարինել, իսկ երկրորդը՝ ընդլայնել մարդու կարողութիւնները։ Տնտեսագէտի համոզումով, երկարաժամկէտ օգուտը կրնայ գալ միայն երկրորդ մօտեցումէն։

* Նոր մարտահրաւէրներ աշխատանքի շուկայի մէջ։

Աճէմօղլուի մտահոգութիւններու առանցքը սակայն ո՛չ թէ թեքնիքագիտական, այլ հասարակական հետեւանքներն են։ Ան կþազդարարէ, որ եթէ արհեստական բանականութիւնը շարունակէ զարգանալ միայն քանի մը հսկայ ընկերութիւններու հսկողութեան տակ, եկամուտներու անհաւասարութիւնը կրնայ աւելի խորանալ։

Տնտեսագէտը կը նշէ, որ աշխարհի զանազան երկիրներու հիմնական տարբերութիւնը ոչ թէ »քափիթալիզմ« հասկացութեան մէջ է, այլ այն բանի, թէ անոնք ունին անձերը ներառնո՞ղ թէ անձերը շահագործող հաստատութիւններ։ Այս պատճառով ալ արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ տարբեր հասարակութիւններու մէջ։

* Երիտասարդութեան գործազրկութիւնը՝ քաղաքական վտանգ։

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտի ամենաուշագրաւ զգուշացումներէն մէկը կը վերաբերի երիտասարդ սերունդին։ Ան կը նշէ, որ եթէ համալսարանաւարտ երիտասարդներու 30 կամ 40 առ հարիւրը չկարենայ աշխատանք գտնել, հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ ո՛չ միայն տնտեսութեան, այլ նաեւ ժողովրդավարութեան եւ հասարակական կայունութեան համար։

Ան կը յիշեցնէ, որ պատմութեան ընթացքին նմանօրինակ իրավիճակներ յաճախ ճամբայ բացած են քաղաքական լուրջ ցնցումներու եւ նոյնիսկ յեղափոխութիւններու։ Թէեւ այսօրուան աշխարհը տարբեր է՝ ընկերային ցանցերու եւ թուային հաղորդակցութեան առկայութեան պատճառով, սակայն խնդիրը կը մնայ նոյնքան լուրջ։

* Չինաստանի հետ մրցակցութիւնը եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Տարօն Աճէմօղլու նաեւ կը կարծէ, որ արհեստական բանականութեան ապագան չի կրնար ամբողջութեամբ ծառայել մեծ թեքնիքագիտական ընկերութիւններու շահերուն։ Ան կը պնդէ, որ միջազգային մակարդակի լուրջ համագործակցութիւն անհրաժեշտ է, ներառեալ՝ Չինաստանի հետ։

Իր կարծիքով, թէեւ Չինաստան կարգ մը ոլորտներու մէջ տակաւին ետ կը մնայ Ամերիկայէն, սակայն արհեստական բանականութիւնը արտադրութեան, ռոպոթագիտութեան եւ առեւտուրի մէջ կիրարկելու առումով շատ արագ յառաջընթաց կþարձանագրէ։

* Մարդակեդրոն ապագայի հարցը։

Աճէմօղլուի եզրակացութիւնը յստակ է. արհեստական բանականութեան մասին բանավէճը պէտք չէ սահմանափակուի միայն նոր թեքնիքագիտութիւններու վրայ հիացումով։ Աւելի կարեւոր է քննարկել, թէ այդ զարգացումները ինչպէ՞ս պիտի ազդեն աշխատատեղիներու, աշխատավարձքերու, հասարակական բարեկեցութեան եւ մարդկային արժանապատիւ կեանքի վրայ։

Նոպէլեան մրցանակակիր տնտեսագէտի կարծիքով, այսօրուան հիմնական խնդիրը սա է. աշխարհը տակաւին չէ ձեւակերպած թէ ինչպիսի՛ »մարդակեդրոն« արհեստական բանականութեան ապագայ կþուզէ կառուցել։ Այդ պատճառով ալ, ըստ իրեն, անհրաժեշտ է աւելի խոր եւ պատասխանատու քննարկումներ կատարել՝ արհեստական բանականութիւնը մարդկութեան ծառայեցնելու, ոչ թէ մարդը անոր ենթարկելու համար։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+