ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ -
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Այս օրերուն Պրիւքրէլի մէջ կը կայանայ «Կապուղիներու օրակարգի հարթակ» անունով նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրէն ներս հանդիպում ունեցան Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանն ու Թուրքիոյ Փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլգատիր Ուրալօղլու։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են տարածքաշրջանային հաղորդակցական ուղիները զարգացնելու հեռանկարները՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երկաթուղային եւ ինքնաշարժային կապերը վերաբանալու կարելիութիւններուն։ Քննարկումներու առանցքի վրայ էին նաեւ հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու եւ անհրաժեշտ ենթակառոյցներ ստեղծելու ուղղութեամբ աշխատանքները։
Երկու նախարարները կարծիքներ փոխանակած են տարածքաշրջանի մէջ փոխադրամիջոցներու հոսքերը աշխուժացնելու, տնտեսական կապերը ընդլայնելու եւ միջազգային տարանցիկ կարողութիւնները զարգացնելու շուրջ։
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Անիի պատմական կամուրջը վերականգնելու ծրագրին, որ կը դիտարկուի որպէս ո՛չ միայն մշակութային, այլ նաեւ խորհրդանշական նշանակութեամբ նախաձեռնութիւն՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մէջ։
Քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով նմանօրինակ հանդիպումները ցոյց կուտան որ վերջին շրջանին հաղորդակցական ուղիները վերաբանալու հարցը կրկին առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ տարածքաշրջանային օրակարգին վրայ։ Թէեւ առայժմ վերջնական համաձայնութիւններու մասին խօսք չկայ, սակայն կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը կը նպաստէ դրական զարգացումներուն՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ տնտեսական համագործակցութեան համար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com