Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգանան» - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

25 Haziran 2026  

Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգանան» -

Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի  Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգանան» Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգանան»

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները, բազմաթիւ հասարակաց գործեր ունինք: Մենք Հայաստանի մէջ լուրջ ներդրող ենք` իբրեւ Ռուսիա, ուստի գործերը շատ են, եւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

Ան նշած է, որ Երեւան այժմ կը գտնուի իր զարգացման ուղին ընտրելու հոլովոյթին մէջ:

«Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այժմ կը գտնուին խաչմերուկի վրայ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը խօսի զարգացման ուղիի յառաջիկայ ընտրութեան մասին: Մեզի համար ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ բազմաթիւ դարերու ընթացքին Ռուսիան եւ Հայաստանը եղած են դրացի երկիրներ, եղբայրական երկիրներ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

«Ռուսիան յոյս ունի, որ Երեւան վերջնական հաշուով ընտրութիւն պիտի կատարէ յօգուտ Եւրասիական տնտեսական միութեան, քանի որ համարկումի այս գործընթացը զգալիօրէն աւելի ձեռնտու է, քան Հայաստանի Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութիւնը», յայտարարած է Փեսքով:

«Մենք համոզուած ենք, որ համարկումի այս  հոլովոյթը, մասնաւորաբար` ԵԱՏՄ-ն, ամէն տարի Հայաստանի մէջ Համախառն ներքին արտադրութեան աճին կու տայ զգալի տոկոս: Եւ մենք համոզուած ենք, որ իր բոլոր որակական բնութագիրներով մեր համարկումի գործընթացը զգալիօրէն կը գերազանցէ այլ այլընտրանքներու: Եւ մենք յոյսով ենք, որ նախ եւ առաջ հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ ներկայ հայկական ղեկավարութիւնը իրավիճակի վերլուծման իբրեւ արդիւնք պիտի գան նոյն տեսակէտին», նշած է ան:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+