Լիբանանեան-Բրիտանական Խորհրդարանական Հանդիպում Մը Քննարկեց Բանակին Աջակցութեան Եւ Իսրայէլի Հեռացմ -
Լիբանանեան-Բրիտանական Խորհրդարանական Հանդիպում Մը Քննարկեց Բանակին Աջակցութեան Եւ Իսրայէլի Հեռացման Հարցերը
Լիբանան-Բրիտանիա բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը, որուն անդամ են Իպրահիմ Քանաանը (նախագահ), Ֆուատ Մախզումին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Նիքոլա Սահնաուին, Քամիլ Շամունը եւ Էտկար Թրապուլսին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուըլի:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն, թէ Բրիտանիան ինչպէ՛ս կրնայ նպաստել միջազգային ընտանիքը մղելու գործադրելու ՄԱԿ-ի որոշումները, ներառեալ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումը, բանակի ճամբով պետութեան գերիշխանութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուող բրիտանական աջակցութիւնն ու զայն զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com