Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգ - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

25 Haziran 2026  

Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգ -

Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ  Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան  Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգ Թրամփ. «Իրան Պատրաստ Է Գործնականին Մէջ Մեզի Որեւէ Բան Տալու, Եւ Ամերիկան Ու Անոր Նախագահը Կը Յարգէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանը չափազանց նեղ կացութեան մատնեցի. անիկա տապալման եզրին էր, եւ պատրաստ է գործնականին մէջ մեզի ամէն բան տալու, եւ տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներուն ու անոր նախագահին հանդէպ մեծ յարգանք ունի»:

«Ծերակոյտը պատերազմի լիազօրութիւններու օրէնքին շուրջ վատ թայմինկով եւ անօգուտ քուէարկութիւն կատարեց, այդպիսով աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւորին տեղեկացնելով, որ Միացեալ Նահանգները չեն սիրեր այն, ինչ որ իրեն կ՛ընեմ, եւ պէտք է դադրիմ ընելէ, եւ այդպիսով օգնութիւն ու հանգիստ տրամադրած կ՛ըլլայ թշնամիին», նշեց ան:

«Չորս անարժէք հանրապետականներ դեմոկրատականներուն հետ քուէարկեցին: Ծերակոյտի այդ անդամները առաքելութիւնս աւելի դժուար դարձուցին, սակայն, այս կամ այն կերպով զայն պիտի աւարտեմ, որովհետեւ միշտ զայն կ՛աւարտեմ», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը երեքշաբթի օր որդեգրեց որոշում մը, որ Թրամփին կը պարտաւորեցնէ Իրանի մէջ պատերազմին վերջ տալ եւ պատերազմը շարունակելու համար Քոնկրեսէն լիազօրութիւն ստանալ:

Որոշումը որդեգրուեցաւ 50 թեր եւ 48 դէմ քուէներով:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը գործադրելու:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ թեքնիք բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին, հակառակ անոր մասնակիցներուն մերթ ընդ մերթ դադար առնելուն:

Նախարարութիւնը նշեց, որ փորձագէտներու մակարդակով բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերսկսին փաքիստանեան եւ քաթարեան միջնորդութեամբ:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաքտար աւելի ուշ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները ներկայիս կը կեդրոնանան հիւլէական ծրագիրին, իրանեան հաշիւներուն եւ Լիբանանի վրայ:

Ան աւելցուց, որ Հորմուզի նեղուցէն անցքը որեւէ տուրքի, թոյլտուութեան կամ արտօնագիրի ենթակայ պիտի չըլլայ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+