Պաքու Քննադատած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Մասին Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնն -
Պաքու Քննադատած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Մասին Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնները
Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զինուորական մատակարարումները կը խրախուսեն վրէժխնդրութիւնը եւ կը խաթարեն խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ մեկնաբանած է Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանները Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամներու հարցումներուն:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Ֆրանսայի խորհրդարանի կայքին վրայ 23 յունիսին հրապարակուած անհիմն պատասխանները` ի պատասխան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին այնպիսի նիւթերու, ինչպիսիք են «Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերը», «հայ գերիներու ճակատագիրը եւ անոնց ազատ արձակումը», «հայ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը», «մարդու իրաւունքները Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ» եւ «մարդու իրաւունքները Ազրպէյճանի մէջ»:
«Այս պատասխաները յաւելեալ օրինակ են այն կողմնակալ մօտեցումին, որ անոնք շատոնց ցուցաբերած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին նկատմամբ:
«Թէեւ այս պատասխաններուն մէջ զգալի ուշադրութիւն կը դարձուի Հայաստանի անվտանգութեան, «Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն» եւ «Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած հայազգի անձերուն», սակայն ցաւալի է, որ անոնք ամբողջովին կ՛անտեսեն Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական տարածքներու գրեթէ երեսունամեայ բռնագրաւումը, այդ ընթացքին կատարուած զանգուածային աւերները, մէկ միլիոնէ աւելի ազրպէյճանցիի հարկադիր տեղահանումը, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրը եւ Հայաստանի կողմէ ականապատման սպառնալիքը:
«Հակառակ ինքզինք խաղաղութեան գործընթացի կողմնակից ներկայացնելու փորձերուն, ֆրանսական կողմը շեշտը կը դնէ Հայաստանի հետ պաշտպանական համագործակցութեան վրայ եւ կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան զինուորական գործակալութեան առաքելութեան գործունէութեան: Ասիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսան հեռու է շրջանին մէջ չէզոք ըլլալէ: Հայաստանի հետ զինուորական համագործակցութեան ընդլայնումը, զէնքի մատակարարումները եւ միակողմանի քաղաքական դիրքորոշում ցուցաբերելը չեն նպաստեր խաղաղութեան: Ընդհակառակն` նման քայլերը կը խրախուսեն վրէժխնդրական տրամադրութիւնները եւ կը խաթարեն կարգաւորման հոլովոյթը»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com