Ակնարկ. 14+1 Կէտեր - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

29 Haziran 2026  

Ակնարկ. 14+1 Կէտեր -

Ակնարկ.  14+1 Կէտեր Ակնարկ. 14+1 Կէտեր

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել, նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու լիբանանեան ինքնիշխան տարածքներէն:

2-րդ կէտի ձեւակերպումը յստակ կը նշէ Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափման մասին, երբ կը հաստատէ, որ Լիբանանի զինուած ուժերը պիտի տարածեն պետութեան արդիւնաւէտ իշխանութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին` ոչ պետական  զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման ստուգումէն ետք:

Ըստ այս կէտին, լիբանանեան բանակը ոչ թէ Դիմադրութեան դիրքեր պիտի ստանձնէ հանգրուանային ձեւով, այլ պիտի տեղակայուի ոչ պետական զինեալ ուժերու (իմա` Հըզպալլայի) ամբողջական զինաթափումէն ետք:

Այս ամբողջական զինաթափումն ու ենթակառոյցներու կազմաքանդումը իսրայէլեան ուժերու հեռացումին զուգահեռ կշռոյթով պիտի չըլլայ, դարձեալ նոյն կէտին համաձայն: Այնտեղ կը հաստատուի, որ իսրայէլեան ուժերը աստիճանաբար պիտի վերատեղակայուին Լիբանանի տարածքէն դուրս: Հոս աստիճանաբար է, հոն` Լիբանանի բանակի տեղակայումը պայմանաւորուած է Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումով եւ համակարգի կազմաքանդումով:

Այս կէտին մէջ դարձեալ մեկնաբանելի բաժին կայ: Խառն, ոչ յստակ, հետեւաբար շահարկելի եզրաբանութիւն կայ: Լիբանանէն դուրս տեղակայումը սկզբունքով կը նշանակէ իսրայէլեան ուժերու հեռացում: Հեռացում (withdrawel) չէ, որ կ՛օգտագործուի այստեղ, այլ վերատեղակայում (redeployment): Երկրորդը կրնայ վերաբերիլ միեւնոյն կարգավիճակը ունեցող տարածքի վրայ դիրքափոխումներու, մինչ առաջինը յստակ կ՛ենթադրէ վերահսկողութեան տակ առած ինքնիշխան տարածքէ մը հեռացում, որ համազօր է ապագրաւումին (deoccupation): Այս վերջինը կրնայ նաեւ վերահսկողութեան տակ յանձնուիլ երրորդ ուժի: Այլ յղացք է ոչ ոքի տարածքը (no man’s land) կամ ապառազմականացուած (demilitarized) գօտին:

Այս եզրաբանութենէն ընտրուած է վերատեղակայումը, որ մտահոգիչ է: Կը հասկցուի այնպէս, որ փորձառական շրջանը կրնայ իսրայէլեան ուժերը մէկ դիրքէն միւսը առաջնորդել, վերատեղակայման համաձայնութեան հիման վրայ, անվերջ յետաձգելով լիբանանեան հողերէն ամբողջական հեռացումը: «Լիբանանի տարածքէն դուրս»-ը այս պարագային փրկող եզր չէ` նկատի ունենալով, որ չէ կայացած տակաւին Իսրայէլ-Լիբանան սահմանազատումը: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային խնդիրներուն կամ նոյնիսկ ներխուժման գործողութիւններուն,  վառ օրինակ է այս պարագային: Մանաւանդ որ զինաթափման բացարձակութեամբ չ՛ամրագրուիր բռնագրաւող ուժին հեռացումը:

Իսրայէլեան աղբիւրներ կը խօսին չբացայայտուած յաւելուածային կէտի մասին, որ ապահովական հարցերու բնոյթ ունի: Հրապարակումները այդ մասին կը շեշտեն եռակողմ` լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան ձեւաչափով գործող մեքանիզմի մասին, որ պիտի  իրականացնէ զինաթափում-տեղակայումներ գործողութիւնները: Ըստ այդ ոչ պաշտօնական բացայայտումներուն, իսրայէլեան ուժերը կրնան վերադառնալ իրենց դիրքերը, եթէ երաշխիքը չունենան, որ լիբանանեան ուժերը կարողականութիւնը ունին իրենցմէ ակնկալուած առաքելութիւնը իրականացնելու: Ակնկալութիւնը կը ճշդեն Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը: Որոնք նաեւ այս պայմանով կը ճշդեն իսրայէլեան ուժերու վերադիրքաւորումի անհրաժեշտութիւնը:

Խաղաղութեան առաջնորդող որեւէ նախնական համաձայնութիւն, նշուած բոլոր կէտերուն առընթեր եւ անոնցմէ առաջ պէտք  է արձանագրէ`

– Հրադադարի ամրագրումն ու երաշխաւորութիւնը,

– Բռնագրաւող կողմի ուժերուն անյապաղ հեռացումը գերիշխան տարածքներէն,

– Երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութեան բացառումը:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+