Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը -
Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը
Լիբանան եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնապէս ստորագրեցին եռակողմ շրջագծային համաձայնութիւն մը:
Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած համաձայնութիւնը հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան աստիճանական փոխանցման, ներառեալ որոշակի գօտիներու լիբանանեան բանակին յանձնման ճամբան կը հարթէ:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ մէջբերելով նշեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը կը պարունակէ ապահովական գաղտնի յաւելուած մը, որուն յօդուածները չեն բացայայտուած»` աւելցնելով, որ համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուելիք միացեալ յանձնախումբը «աշխատանք պիտի տանի Հըզպալլայի ուժի մեծնալուն, անոր ծախսերուն ու կառոյցին դիմակայման վրայ»:
Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին. «Շրջագծային համաձայնութեան ապահովական յաւելուածը իսրայէլեան բանակին կ՛արտօնէ դարձեալ փորձառական շրջաններ մուտք գործել»:
Համաձայնութեան Բնագիրը
Իսրայէլի պետութեան կառավարութիւնն ու Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներու լիակատար աջակցութեամբ կը վերահաստատեն իրենց հասարակաց նպատակը, որ տեւական խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատումն է, ինչպէս նշուած է այս եռակողմ շրջագիծին (շրջագիծին) մէջ, եւ ապագային կնքուելիք համաձայնութիւններու ճամբով, երկու երկիրները կը յայտարարեն հակամարտութեան վերջ դնելու, իրարու գերիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ խաղաղ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու իրենց ձգտումը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը.
1.- Իսրայէլ եւ Լիբանան կը հաստատեն, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի խաղաղութեամբ գոյութիւն ունենալու, եւ իրենց փոխադարձ փափաքը ապահով կերպով ապրելու, իբրեւ գերիշխան եւ դրացի պետութիւններ: Երկու կողմերը այս շրջագիծին հիմամբ իրենց մտադրութիւնը կը յայտնեն վերջնականապէս վերջ տալու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութեան: Երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու շարք մը փուլերէ ետք գոյացած այս շրջագիծը հիմնուած է նախկին համաձայնութիւններու եւ փոխըմբռնումներու վրայ, որոնք իրենց յաջողութիւնը ապացուցեցին, եւ կ՛արտայայտէ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր չլուծուած հարցերու համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ անշրջելի յառաջընթաց արձանագրելու համատեղ վճռականութիւնը: Երկու կողմերը` իբրեւ գերիշխան պետութիւններ կը հաստատեն իրենց մտադրութիւնը, լուծելու այս հարցերը Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ աջակցութեամբ ուղղակի երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցով:
2.- Իսրայէլի պետութեան կառավարութիւնը եւ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուին յանձնառու ըլլալ փոխադարձ եւ փուլային հոլովոյթի` համաձայն` յստակ յաջորդականութեան եւ որոշակի պայմաններու, որոնց համաձայն` Լիբանանի զինեալ ուժերը Լիբանանի պետութեան արդիւնաւէտ իշխանութիւնը պիտի տարածեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին` ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման ստուգումէն ետք: Ասիկա կարելիութիւն պիտի տայ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերուն (ԻՊՈՒ) աստիճանաբար վերատեղակայուելու Լիբանանի տարածքէն դուրս: Այս հոլովոյթի մանրամասնութիւնները նշուած են անվտանգութեան յաւելուածին մէջ, որ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու լիակատար աջակցութեամբ եւ կ՛ամբողջացնէ այս շրջագիծը: Շրջագիծը կը սահմանէ այս հոլովոյթը յառաջ մղելու անհրաժեշտ քայլերը, անվտանգութեան կարգաւորումները եւ ստուգման մեքանիզմները: Այս ծիրին յաջող իրականացումը ճամբան պիտի հարթէ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն եւ խաղաղ յարաբերութիւններու համար եւ ԻՊՈՒ-ին կարելիութիւն պիտի տայ Լիբանանի տարածքէն դուրս տեղակայուելու:
3.- Անվտանգութեան յաւելուածին համաձայն եւ Լիբանանի պետութեան ուժի կիրարկման մենաշնորհը ամրապնդելու եւ իր ամբողջ տարածքին մէջ գերիշխանութիւնը տարածելու աւելի լայն ջանքերու ծիրին մէջ, Լիբանանի զինեալ ուժերը աստիճանաբար պիտի ստանձնեն փորձառական շրջաններու մէջ անվտանգութեան լիարժէք եւ արդիւնաւէտ պատասխանատուութիւնը: Այս շրջանները պիտի ծառայեն իբրեւ մեքանիզմ իսրայէլեան ուժերու փուլային եւ ստուգուած վերատեղակայման` Լիբանանի զինեալ ուժերու տեղակայման զուգահեռ: Իսրայէլի եւ Լիբանանի զինեալ ուժերը համաձայնութեան եկած են երկու նախնական փորձառական շրջաններու շուրջ, հետագայ փորձառական շրջանները պիտի համաձայնեցուին երկու կողմերուն միջեւ: Ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու յաջող զինաթափման եւ այդ տարածքներուն մէջ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման հաստատումէն ետք, լիբանանեան զինեալ ուժերը պիտի ստանձնեն անվտանգութեան լիարժէք եւ արդիւնաւէտ պատասխանատուութիւնը: Վերաշինութեան աշխատանքները պիտի սկսին միջազգային աջակցութեամբ, եւ լիբանանցի քաղաքային անձեր պիտի կարենան անվտանգ վերադառնալ այս տարածքներ` լիբանանեան օրինական իշխանութիւններու բացառիկ վերահսկողութեան տակ: Միացեալ Նահանգները մտադիր են սերտօրէն համագործակցիլ երկու երկիրներուն հետ` այս հոլովոյթը ստուգելու եւ աջակցելու համար:
4.- Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը վերահաստատէ իր հաստատ եւ անդառնալի յանձնառութիւնը` վերականգնելու եւ իրականացնելու իր ամբողջական գերիշխանութիւնը իր ամբողջ տարածքին վրայ: Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յանձնառու է վերականգնելու պետութեան ուժի կիրարկման մենաշնորհը, հասնելու բոլոր ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու ամբողջական եւ ստուգուած զինաթափման եւ երաշխաւորելու, որ այդ խմբաւորումները որեւէ զինուորական կամ ապահովական դեր չեն ստանձներ եւ Լիբանանի տարածքին մէջ որեւէ զինեալ կարողութիւն չունին: Այս ծիրին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը խնդրէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միջազգային գործընկերներու, յատկապէս արաբ գործընկերներու աջակցութիւնը` այս նպատակին հասնելու համար:
5.- Իսրայէլի պետութեան կառավարութիւնը կը հաստատէե որ Լիբանանի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները բացառապէս պատասխան էին ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու, մասնաւորաբար Հըզպալլայի յարձակումներուն, սպառնալիքներուն եւ թշնամական մտադրութիւններուն: Իսրայէլի կառավարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս սպառնալիքի` այդ խմբաւորումներու զինաթափման եւ Լիբանանի մէջ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման միջոցով, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն կողմէ համաձայնեցուած լրացուցիչ անվտանգութեան կարգաւորումներու միջոցով վերացումը, պիտի վերացնէ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու կամ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու զինուորական ներկայութեան ապագայ անհրաժեշտութիւնը:
6.- Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան համապատասխան եւ իր գերիշխան իշխանութեան իրականացման ծիրին մէջ, կը հաստատէ, որ իր անվտանգութեան ուժերը կը կրեն բացառիկ պատասխանատուութիւն Լիբանանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համար, եւ որ միայն Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ունի բացառիկ գերիշխան իշխանութիւն` պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցերով որոշում տալու: Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը մերժէ որեւէ պետական կամ ոչ պետական կողմի յանուն իրեն ուժ կիրարկելու որեւէ պնդում` առանց իր յստակ արտօնութեան, եւ կը վերահաստատէ, որ որեւէ պետական կամ ոչ պետական կողմէ զինուորական կամ անվտանգութեան դեր ստանձնելու որեւէ պնդում Լիբանանի կառավարութեան որոշումներու համաձայն անօրինական է եւ կը հակասէ Լիբանանի ազգային շահերուն:
7.- Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ Իսրայէլի պետութեան կառավարութիւնը կը հաստատեն, որ այս շրջագիծին մէջ ոչինչ կը խանգարէ անոնց իրականացնել ինքնապաշտպանութեան իրենց անօտարելի իրաւունքը` համաձայն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ գործող միջազգային օրէնքին, եւ կը վերահաստատեն, որ ոչ մէկ երրորդ կողմ կրնայ այս իրաւունքը իրենց անունով իրականացնել: Երկու կառավարութիւններն ալ կը պարտաւորուին ստեղծելու զինուորական համակարգման խումբ` Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ, որպէսզի ապահովեն այս շրջագիծի լիարժէք իրականացումը:
8.- Երկու երկիրները կը հաստատեն իրենց հասարակաց նպատակը` ստեղծելու անվտանգ եւ վերակառուցուած Լիբանան, որ պիտի վայելէ լիբանանեան լիակատար գերիշխանութիւն, ուր ոչ մէկ ոչ պետական զինեալ խմբաւորում սպառնալիք կը ներկայացնէ Իսրայէլի, Լիբանանի կամ որեւէ երկրի քաղաքացիներու համար: Անոնք նաեւ կ՛ընդունին, որ Լիբանանի հարաւին մէջ Լիբանանի զինեալ ուժերու տեղակայման միջոցով անվտանգութեան վերականգնումը, քաղաքային բնակչութեան անվտանգ վերադարձի ապահովումը եւ հիւսիսային Իսրայէլի համայնքներու անվտանգութեան երաշխաւորումը բոլորն ալ երկարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու կարեւորագոյն տարրերն են:
9.- Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուի իրականացնել խիստ, կատարողականի վրայ հիմնուած ծրագիր, որուն նպատակն է Լիբանանի զինեալ ուժերուն կարելիութիւն տալ լիարժէք զինուորական եւ անվտանգութեան վերահսկողութիւն իրականացնելու Լիբանանի մէջ` համաձայն բանակցութիւններու միջոցով համաձայնեցուած անվտանգութեան կարգաւորումներու, եւ իրականացնել Լիբանանի ամբողջ տարածքին մէջ բոլոր ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու զինաթափումը եւ պետական իշխանութեան արդիւնաւէտ իրականացումը: Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը աջակցելու այս ջանքերուն` միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ Միացեալ Նահանգներու որեւէ նոր օգնութիւն խստօրէն կախեալ պիտի ըլլայ շօշափելի եւ ստուգելի փուլերու ձեռքբերումէն, լիակատար թափանցիկութենէն, ցուցադրելի արդիւնքներէն եւ դիտարկման ու վերահսկողութեան մեքանիզմներու շարունակութենէն: Այս ջանքերը կարելիութիւն պիտի տան Լիբանանի գերիշխանութեան անվտանգ եւ կարգաւորուած վերականգնման, ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման:
10.- Զուգահեռաբար, Միացեալ Նահանգներ պիտի աշխատին միջազգային գործընկերները զօրակոչի ենթարկելու ուղղութեամբ` Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան երկրի վերակառուցման, ենթակառոյցներու վերանորոգման, տնտեսութեան վերակենդանացման եւ բարգաւաճման կարելիութիւններ ստեղծելու գործին մէջ արդիւնաւէտ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Կ՛ակնկալուի, որ ասիկա պիտի ներառէ Լիբանանի համար զգալի վերակառուցման եւ մարդասիրական օգնութեան զօրաշարժ, տնտեսական վերականգնման ծրագիրներու մեկնարկ եւ ներդրումային նախաձեռնութիւններ, որոնք Լիբանանին կարելիութիւն պիտի տան վերականգնուելու տարիներ տեւած հակամարտութենէ ետք եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար աւելի լաւ լապագայ ապահովելու:
11.- Լիբանանի Հանրապետութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը պարտաւորուին կանխելու որեւէ ոչ պետական զինեալ խումբի առնչուած որեւէ գոյացութեան, կազմակերպութեան կամ անհատի միջոցներու հասանելիութիւնը եւ ձեռնարկելու բոլոր կարելի իրաւական քայլերը` արգիլելու նման որեւէ գոյացութեան, կազմակերպութեան կամ անհատի գործունէութիւնը: Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նաեւ յստակօրէն կը պարտաւորուի կանխարգիլելու վերաշինութեան միջոցներու ոչ պետական զինեալ խումբերուն կամ անոնց առնչուած կազմակերպութիւններուն հասանելիութիւնը:
12.- Այս շրջագծային համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք երկու երկիրները պիտի ստեղծեն աշխատանքային խումբեր` համապարփակ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համաձայնագիր պատրաստելու համար: Աւելի՛ն, այս շրջագծային համաձայնագիրի նպատակներուն հասնելու համար երկու կառավարութիւնները անմիջապէս պիտի ստեղծեն զուգահեռ ուղիներ` ուղղակի եւ շարունակական հաղորդակցութեան համար, որ պիտի դիւրացուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Երկու կառավարութիւնները կը պարտաւորուին շարունակել բարի կամքով աշխատիլ մինչեւ համապարփակ եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլը, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ:
13.- Համաձայն կայուն ու խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատելու իրենց հասարակաց նպատակին` Իսրայէլն ու Լիբանանը կը պարտաւորուին ձեռնարկել բարի կամքի դրսեւորումներու, որոնք կ՛արտացոլացնեն իրենց դրական մտադրութիւնները, ներառեալ միջազգային քաղաքական կամ իրաւական հարթակներու վրայ բոլոր թշնամական կամ վնասակար գործողութիւններու դադրեցումը, աճիւնները գտնելու եւ վերադարձնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանիլը, ինչպէս նաեւ կալանաւորուածները ազատ արձակելը:
14.- Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Իսրայէլի պետութեան կառավարութիւնները իրենց գնահատանքը կը յայտնեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան վերջ տալու եւ երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ կայունութիւն եւ համապարփակ խաղաղութիւն հաստատելու իրենց ջանքերուն աջակցելու գործին մէջ խաղացած դերին համար, ինչպէս նաեւ խոր գնահատանք կը յայտնեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ցուցաբերուած տեսլականի եւ ղեկավարութեան համար:
Ռուպիօ . « Համաձայնութիւնը Տակաւին Աշխատանքի Կը Կարօտի »
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութիւնը շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերու ականաւոր նոր փուլ կը ներկայացնէ:
«Թէ՛ Իսրայէլն ու թէ՛ Լիբանանը ժառանգորդներն են հին քաղաքակրթութիւններու, որոնք սկիզբ կ՛առնեն սուրբգրային ժամանակներէն: Անոնք կը պարծենան աշխարհի երկու ամէնէն ձեռնարկատիրական բնակչութիւններով եւ կը կիսեն երկրագունդի վրայ ամէնէն գեղեցիկ ծովեզերքներէն մէկ քանին: Բայց եւ այնպէս, տասնամեակներ շարունակ ներքաշուած են միլիսներու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ անոնց կողմէ մղուող պատերազմներու մէջ, որոնք խաթարած են Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անիմաստ յարձակումներ կատարած Իսրայէլի վրայ եւ քաոս տարածած ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ», ըսաւ ան:
«Հըզպալլան, որ Իրանի ամէնէն վտանգաւոր գործակատարներէն է, բազմիցս Լիբանանը իր կառավարութեան եւ ժողովուրդի կամքին հակառակ ներքաշած է աւերիչ պատերազմներու մէջ, վերջին անգամ` այս տարուան մարտին: Անիկա նաեւ Լիբանանի մէջ ստեղծած է հսկայական զինուորական ենթակառոյցներ, տասնեակ հազարաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած Իսրայէլի քաղաքներու վրայ եւ մեծ դեր խաղացած Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերներու գործին մէջ: Աւելի՛ն, Հըզպալլան յարձակումներ կը ծրագրէ ամերիկացիներու դէմ, կ՛աջակցի թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան ցանցերուն, որոնք բռնութիւն կը սնեն արեւմտեան կիսագունդին եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէ ամերիկացի քաղաքացիներու եւ Միացեալ Նահանգներու շահերուն համար», աւելցուց Ռուպիօ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շաբաթ օր յայտնեց, որ իր երկիրը «հպարտ է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած պատմական եռակողմ շրջագծային համաձայնութեան մաս կազմելուն»` աւելցնելով, սակայն, որ համաձայնութիւնը տակաւին աշխատանքի կը կարօտի:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները ներկայիս «նպատակադրուած եւ լուրջ» քայլեր կ՛որդեգրեն դէպի ապագայ մը, որ հիմնուած է խաղաղութեան եւ բարգաւաճման եւ համակեցութեան վրայ:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ ստորագրուած եռակողմ շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութիւնը շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերուն մէջ նոր փուլ կը ներկայացնէ:
Նախարարութիւնը ըսաւ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները համաձայնած են շրջագիծի մը շուրջ, որ հակամարտութենէն դուրս գալու հոլովոյթ մը կը մշակէ եւ կը սահմանէ Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնման, Հըզպալլայի զինաթափման ու անոր ենթակառոյցներու կազմաքանդման ուղղուած հոլովոյթ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին կարելիութիւն կու տայ իր քաղաքացիներուն համար սպառնալիքի վերացումով իր սահմանները վերադառնալու:
Համաձայնութիւնը նաեւ կը ներառէ Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի եռակողմ խումբի (Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.) ստեղծումը, որ Միացեալ Նահանգները պիտի հովանաւորեն ու դիւրացնեն, ինչ որ երկու կողմերուն կ՛արտօնէ գործադրելու համաձայնութիւնը, որ Լիբանանին կը տրամադրէ իր տագնապէն դուրս գալու ուղի մը, իսկ Իսրայէլին` իր հիւսիսային սահմաններուն վրայ սպառնալիքը վերացնելու իրագործելի հոլովոյթ մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն այս քայլը որդեգրելու «քաջութիւնը»` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն լիարժէք կերպով ներգրաւուած մնալ այս շրջագիծի գործադրութեան եւ ՄԱԿ-ի հետ համակարգաբար 100 միլիոն տոլարի մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրեն:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ մտադիր է ամրապնդել լիբանանեան զինեալ ուժերուն լիբանանեան բոլոր հողերոն վրայ գերիշխանութեան տարածման կարելիութիւններն ու կարողութիւնները` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` Փենթակոնը պատրաստ է գործող լիազօրութիւններու եւ յատկացումներու ծիրին մէջ Լիբանանի բանակին փոխհատուցելու աւելի քան 30 միլիոն տոլար` աջակցելու համար Լիբանանի մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու նախագահի տեսլականին:
Միջազգային Արձագանգներ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վոտիֆուլ նշեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւնը յոյս կու տայ, կ՛ամրապնդէ երկու պետութիւններու անվտանգութիւնը եւ առիթ կ՛ընծայէ տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը կարգաւորելու:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛աջակցի համաձայնութեան գործադրութեան` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութեան ուժի կիրարկման մենաշնորհը վճռորոշ հարց է:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ հոլովոյթը կրնայ տեւական կայունութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդել, եթէ բոլոր կողմերը իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնին, եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Հըզպալլային կոչ ուղղեց այսուհետեւ կառուցողական կերպով վարուելու:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց համաձայնութիւնը եւ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է «դէպի տեւական շրջանային կայունութիւն այս հոլովոյթին աջակցելու, ներառեալ շարունակել մարդասիրական հրատապ օժանդակութիւններ տրամադրել` տեղահանուածներուն աջակցելու համար 100 միլիոն տոլար յատկացնելով»:
Եւրոպական Միութիւնը նշեց, որ համաաձայնութիւնը «կ՛ամրապնդէ մագլցումը թուլացնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու ձգտող ջանքերը»` ստորագրող կողմերուն կոչ ուղղելով` «եռակողմ համակարգումի խումբի ճամբով իրենց խոստումները յարգելու»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեկնելով թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ Լիբանանի անվտանգութեան նկատմամբ իր յանձնառութենէն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման նախանձնախնդրութենէն, Ֆրանսան պատրաստ է նպաստելու այս շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան եւ անոր բոլոր նպատակներու իրագործման»:
Եգիպտոսի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարներ Պատր Ապտելաթի եւ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ողջունեցին ամերիկեան հովանաւորութեամբ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը` ընդգծելով անոր բոլոր կէտերուն գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, անոր գերիշխանութեան պահպանման եւ լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններու աջակցութեան:
Անոնք նաեւ ընդգծեցին Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման եւ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման կարեւորութիւնը:
Իսրայէլեան Արձագանգներ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Ձեռք բերինք շրջագծային համաձայնութիւն մը, որ մեզ կարող կը դանրձնէ Լիբանանի հետ հակամարտութեան վերջ տալու»:
«Միացեալ Նահանգներն ու Լիբանանը հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանին մէջ մեր մնալուն համաձայն գտնուեցան», ըսաւ ան:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ վերահսկողութեան տակ առինք Շքիֆի շրջանը եւ այդտեղ պիտի մնանք: Լիբանանի մէջ որեւէ սպառնալիքի դէմ գործելու մեր ուժերու ազատութիւնը շեշտեցի», յայտնեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Բուռն կերպով ընդդիմացայ մեզի որեւէ հեռացում պարտադրելուն, եւ այժմ Միացեալ Նահանգներն ու Լիբանանը Իրանին կ՛ըսեն, թէ ասիկա իրեն չի խառնուիր»:
«Կը քանդենք Իրանի ահաբեկչական առանցքը եւ կը քանդենք անոր քաղաքական առանցքը», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:
«Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը կարողութիւնը ունի խաղաղութեան համաձայնութեան վերածուելու: Համաձայնութիւնը Իսրայէլի ու Լիբանանի ուժը կ՛ամրապնդէ եւ կը տկարացնէ Իրանի ու Հըզպալլայի ուժը: Շնորհակալութի՛ւն Լիբանանի կառավարութեան` անոր ցուցաբերած քաջութեան համար», նշեց Նեթանիահու:
«Լիբանանեան կառավարութիւնը մեզի հետ համաձայնութիւն կնքելով գործնականին մէջ Իրանի եւ Հըզպալլայի կ՛ըսէ. «Լիբանանէն դուրս եկէք եւ զայն ազատ ձգեցէք», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը` աւելցնելով. «Պիտի սկսինք հարաւային Լիբանանի մէջ Զաութար Ղարպիէ եւ Ֆրուն գիւղերուն մէջ փորձառական շրջաններէն հեռանալ»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց, որ ստորագրուած համաձայնութիւնը «պատմական ձեռքբերում մը եւ Իսրայէլի համար քաղաքական ու ապահովական կարեւոր ձեռքբերում մը կը նկատուի»` աւելցնելով. «Եթէ Իրան Լիբանանի հետ համաձայնութեան գործադրութիւնը խոչընդոտելու համար Իսրայէլի վրայ յարձակումներ շղթայազերծէ` ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք»:
Ըստ անոր, «Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը հիւսիսային սահմաններուն վրայ ապահովական կացութիւնը պիտի փոխէ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանէն պիտի չհեռանայ եւ պիտի շարունակէ դիրքաւորուիլ ապահովական շրջանին, ներառեալ Շքիֆի մէջ»:
«Ապահովական շրջանը առանց բնակչութեան եւ Հըզպալլայի ենթակառոյցի պիտի ըլլայ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Լիբանանի ամբողջ տարածքին Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ իսրայէլեան վերատեղակայում կամ հեռացում պիտի չըլլայ»:
«Պիտի պահպանենք զինուորական գործունէութեան ազատութիւնը` կանխարգիլելու համար մեր զինուորներուն եւ հիւսիսային գիւղերու բնակչութեան դէմ որեւէ սպառնալիք», ըսաւ Քաց:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց. «Լիբանանի հետ խաղաղութիւնը կապուած է զայն իրանեան բռնագրաւումէն ազատագրելուն»` աւելցնելով. «Իրանն ու Հըզպալլան Լիբանանի գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարեն»:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պետ Ղաֆիր նշեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը մեծ սխալ է, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն պահանջեցի նախարարաց խորհուրդին մէջ քուէարկութիւն կատարել»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը տեղի պիտի ունենայ միայն Հըզպալլայի զինաթափումէն ետք:
Նեթանիահու ըսաւ, որ փորձառական շրջանները կը ներառեն Լիթանի գետէն հիւսիս պզտիկ շրջան մը եւ ապահովական գօտիէն հիւսիս այլ շրջան մը` նշելով, որ այս շրջանները պիտի չազդեն ապահովական գօտիի տարածքին վրայ, ուր իսրայէլեան բանակը պիտի մնայ:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի հետ կնքուած համաձայնութիւնները զիրար կը հակասեն եւ ռազմավարական երկու հակառակ ուղղութիւններով մղում կը կատարեն:
Ան ըսաւ, որ կարելի է կառուցել համաձայնութիւն մը, որ Լիբանանին կը ստիպէ Հըզպալլայի ուժի աղբիւրները ցամքեցնել եւ միեւնոյն ժամանակ Իրանի հետ կնքել համաձայնութիւն մը, որ կ՛աւելցնէ նոյն կուսակցութեան ֆինանսաւորումը աւելցնելու անոր կարողութիւնը:
Լափիտ ըսաւ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը պէտք էր ուշադիր ըլլար այս հակասութենէն եւ իրանեան ֆինանսաւորման աղբիւրի փակումը պահանէր:
Լիբանանեան Արձագանգներ
Հանրապետութեան Նախագահ Ժոզեֆ Աուն ամերիկեան վարչակազմին ու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեց բանակցութիւններու հիւրընկալման ու հովանաւորման ջանքերուն համար եւ Լիբանանի դիրքորոշումը հովանաւորելուն ու անոր աջակցելուն համար` «հասնելու այսօր յայտարարուած քայլին»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական ու բարեկամ երկիրներուն:
Ան համաձայնութիւնը նկատեց Լիբանանի պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ ամբողջական գերիշխանութեան վերականգնման ուղղութեամբ առաջին քայլ մը:
«Կը մնայ երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք զոհաբերեցին, համբերատար եղան եւ դիմակայեցին յարձակումին, աւերումներու եւ տեղահանութեան դժուարագոյն պայմաններուն, եւ ամէնէն դժուար ժամանակներուն մէջ ցուցաբերեցին իրարու նկատմամբ ամէնէն արժանապատիւ զօրակցութիւնը եւ ամէնէն հիանալի ազգային համերաշխութիւնը` իբրեւ մէկ ժողովուրդ մէկ դրօշի տակ, որմէ դուրս անոնք երբեք ապաստան չեն գտներ», ըսաւ նախագահը:
«Այսօր ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը անոնց զոհողութիւններուն արդիւնքը քաղելու ուղիին սկիզբն է, որպէսզի վերադառնան ամբողջովին ազատագրուած իրենց հողերը եւ իրենց տուները, որոնք անկասկած պիտի վերականգնուին եւ ծաղկին իրենց ներկայութեամբ ու ազգային գիտակցութեամբ` ազատ, արժանապատիւ եւ բարձր գլուխներով` գերիշխանութեանը ներքեւ լիբանանեան պետութեան, որ իր հողին եւ ժողովուրդի նկատմամբ իր գերիշխանութեան մէջ գործընկեր չունի: Ասիկա այն է, ինչ որ մենք երդուած ենք մարմնաւորել: Եւ մենք կ՛երդնունք շարունակել աշխատիլ մինչեւ ատոր լիակատար իրականացումը, որպէսզի այլեւս բռնագրաւում, բանտարկեալներ, ստրկութիւն եւ խնամակալութիւն չըլլայ: Ասիկա այն է, ինչի մասին համաձայն է իւրաքանչիւր ազատ, պատասխանատու եւ պատուաւոր լիբանանցի: Ասիկա անոնց մեր խոստումն է եւ անոնց նկատմամբ մեր պարտականութիւնը», շեշտեց Աուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր հակիրճ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ո՜վ Լիբանանի, ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդս, ասիկա սադրանք է»: Ան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին ալ յայտնեց. «Ծանօթացայ շրջագծային համաձայնութեան բովանդակութեան, զայն կարդացի, եւ անոր մէջ սադրանքը տեսայ»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրեց, թէ գոյացած համաձայնութեան նպատակը լիբանանեան բոլոր հողերէն իսրայէլեան հեռացման իրագործումը, անոնց նկատմամբ պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումն ու անոր զաւակներուն վերադարձն է:
«Ինչ կը վերաբերի այն բանին, թէ Լիբանանը այս շրջագիծին մէջ ի՛նչ կը պարտաւորուի ընել` Լիբանանի պետութեան իշխանութիւնը իր զինեալ ուժերուն միջոցով տարածել իր ամբողջ տարածքին մէջ, ասիկա ոչ այլ ինչ է, քան այն, որուն մասին լիբանանցիները արդէն համաձայնած էին Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ, համաձայնագիր մը, որուն գործադրումը վերահաստատուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը թիւ 1701 բանաձեւով: Աւելի՛ն, նախորդ կառավարութեան կողմէ ընդունուած 2024 թուականի զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին հռչակագիրը իր նախաբանին մէջ յստակօրէն կը նշէ, որ միայն օրինական ուժերը լիազօրուած են Լիբանանի մէջ զէնք կրելու, եւ անիկա բացառապէս կը սահմանէ այդ ուժերը: Մեր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, յայտարարութիւնը, որուն հիմամբ ան ստացած է խորհրդարանի վստահութիւնը, վերահաստատած է այս ազգային սկզբունքները, բացի ատկէ, ընդգծելով, որ միայն պետութիւնը իրաւասու է պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցերով որոշում տալու», գրեց վարչապետը:
«Շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն, արաբ եղբայրներուն եւ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ գտնուող մեր ընկերներուն, որոնց ջանքերը նպաստեցին այս համաձայնագիրի կնքման: Ես անհամբեր կը սպասեմ այն օրհնեալ պահուն, երբ Իսրայէլը պիտի սկսի հեռանալ, որպէսզի մեր սիրելի ժողովուրդը կարենայ անվտանգ եւ արժանապատիւ կերպով վերադառնալ իր տուները, ուրկէ բռնի կերպով տեղահանուած է, եւ որպէսզի կարենայ սկսիլ վերակառուցման հոլովոյթը», եզրափակեց Սալամ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ շրջագծային համաձայնութիւնը նուաստացուցիչ է, ամօթ է, գերիշխանութենէն զիջում, եւ պէտք է իրանեան-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագիրի յօդուածները գործադրել»:
«Իսրայէլեան հեռացումը ամբողջ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան զինաթափման կապելը շատ վտանգաւոր առաջարկ մըն է, որ բոլոր կարմիր գիծերը կ՛անցնի եւ Լիբանանը թշնամիին ձեռքը խաղալիքի կը վերածէ», ըսաւ ան:
«Իշխանութեան կ՛ըսենք, ժամանակն է, որ ետդարձ կատարէք ձեր մեղքէն, որ Լիբանանը կ՛աւերէ, եւ մենք պատրաստ ենք գործակցելու, եւ Լիբանանի գերիշխանութեան ու անոր հողի ազատագրման համար միասին ըլլալու», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
«Զէնքը պիտի չխլուի: Ուաշինկթընի շրջագծային համաձայնութիւնը գոյութիւն չունիե եւ իշխանութիւնը կ՛օրինականացնէ բռնագրաւումը, իսկ զայն տապալելու համար մարտի դաշտին մէջ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Ամալ շարժումը յայտարարեց, որ ստորագրուած համաձայնութիւնը հաւասարակշռուած չէ եւ իր յօդուածներուն մեծամասնութեան մէջ կ՛ամրագրէ Իսրայէլի ի շահ եղող իրողութիւններ, եւ զայն կարելի չէ ընդունիլ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Յայտարարութիւնը արտայայտեց իշխանութիւններու լիակատար հնազանդութիւնը ամերիկեան հոգատարութեան տրամաբանութեան եւ սիոնական թշնամիին հետ անոնց դաւադրութեան ընդդէմ իրենց բնիկ ժողովուրդին, որ ամուր կառչած է իրենց հողին»:
Ան բուռն կերպով քննադատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կեցուածքը` զայն նկատելով նուաստացուցիչ, ամօթալի եւ ստոր` նշելով, որ համաձայնութեան միտք բանին բռնագրաւումի պահպանման ծածկոյթ ապահովելն է:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Այս իր արտաքինով եռակողմ եւ բովանդակութեամբ միակողմ համաձայնութեան մէջ զարմանալին զինադադարի համաձայնութեան ամբողջական բացակայութիւնն է»:
Ազգային ազատ հոսանքը յայտնեց. «Խաղաղութիւնը Իսրայէլի պահանջներուն անձնատուութեամբ չ՛իրագործուիր, եւ որեւէ համաձայնութիւն, որ լայն զօրակցութիւն չի վայելեր, եւ անոր շարք մը կէտերը պառակտում կը ստեղծեն, չափազանց վտանգաւոր է»:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւնը կէս դարէ ի վեր կարեւորագոյն քաղաքական քայլն է, եւ իսրայէլացիներու հեռացման եւ հարաւի մէջ արիւնահոսող թեւի փակման պիտի առաջնորդէ, եւ մեզ փրկէ անցնող յիսուն տարիներուն մեր ապրած ազգային մեծ խնդիրէն` պետութենէն դուրս զինուորական խմբաւորումներու, նախ եւ առաջ Հըզպալլայի գոյութենէն»:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com