Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առաջարկի - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

29 Haziran 2026  

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առաջարկի -

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ  Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչնալու Առաջարկի Իսրայէլի Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Առաջարկին

Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի ներկայացուցած նախագիծին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Պատմական որոշում մը` իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկին»:

«Երբեք ուշ չէ ճիշդ բան ընել: Այս սարսափելի ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 100 տարի առաջ եւ որուն պատմական փաստերը իսկապէս անվիճելի են, ներառեալ մէկուկէս միլիոն մարդու սպանութիւն եւ հին մշակութային ու պատմական ժառանգութեան ոչնչացում», յայտարարեց Սահեր:

Սահեր իր գրասենեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ ենթակայ հիմնականին մէջ թրքական պետութեան կողմէ ժխտման եւ արժեզրկման հաստատութենականացուած արշաւի մը, ներառեալ պատմութեան վերաշարադրման: Կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ Իսրայէլը, իբրեւ հրէական պետութիւն, պաշտօնապէս ընդունի այս դիրքորոշումը… երբեք ուշ չէ ճիշդ բանը ընելու… ասիկա թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ պատմական պարտաւորութիւն է»:

Սահեր նախքան այդ «Էքս»-ի վրայ գրած էր. «Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւն է: Միեւնոյն ժամանակ, տեղին է դատապարտել պատմական ճշմարտութեան որեւէ ժխտում, նսեմացում կամ խեղաթիւրում»:

Կառավարութեան համաձայնութեան արժանանալէ ետք նախագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ կ՛աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծին:

Ան 2025-ի ամրան ալ լրագրող Փաթրիք Պեթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ անձնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+