Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ Իրականացուիլ Միայն Մոսկուայի Մասնակցութեամբ» - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

30 Haziran 2026  

Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ Իրականացուիլ Միայն Մոսկուայի Մասնակցութեամբ» -

Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ  Իրականացուիլ Միայն  Մոսկուայի Մասնակցութեամբ» Կալուզին. «ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Արդիւնաւէտ Իրականացուիլ Միայն Մոսկուայի Մասնակցութեամբ»

ԹՐԻՓՓ փոխադրական նախագիծը կրնայ արդիւնաւէտ իրականացուիլ միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, եւ Մոսկուայի կարծիքը պէտք է հաշուի առնուի, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Միխայիլ Կալուզին պնդած է, թէ Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած պատերազմէն ետք Թեհրանը գոհ պիտի չըլլայ ամերիկեան ներկայութենէն իր սահմաններէն անմիջապէս հիւսիս: «Աւելի՛ն` որոշ փորձագէտներ կը կարծեն, որ Չինաստանը նոյնպէս գոհ պիտի չըլլայ, որ Միացեալ Նահանգները կը վերահսկեն Կեդրոնական Ասիայէն Եւրոպա փոխադրական եւ գումակային երթուղիի որոշակի հատուածին», ըսած է ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Կալուզին նշած է, որ Հայաստանով բեռներու տարանցումը եւս պէտք է իրականացուի Եւրասիական տնտեսական միութեան օրէնքներուն ու կանոններուն համապատասխան, քանի տակաւին Հայաստանը կը յայտարարէ, որ կառոյցէն չի պատրաստուիր դուրս գալ:

«Եւ, ի վերջոյ, «Թրամփի ուղի»-ն պիտի անցնի տարածքով մը, ուր տասնամեակներ շարունակ ռուս զինուորները իրենց հայ գործընկերներուն հետ կը պահպանեն Հայաստանի սահմանը Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ», ըսած է Կալուզին` աւելցնելով, թէ ըստ հայկական կողմի յայտարարութիւններուն` «Երեւանը Գիւմրիի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխի փակման հարց չի քննարկեր»:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+