Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

30 Haziran 2026  

Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման -

Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող  Բանաձեւի Որդեգրման Թուրքիա Կ՛արձագանգէ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Որդեգրման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը` զայն կոչելով քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող եւ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը թաքցնելու փորձ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ աշխարհի առջեւ համակարգուած կերպով կը հետապնդէ պաղեստինցի ժողովուրդը եւ Կազայի ժողովուրդի ցեղասպանութեան համար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատի կ՛ենթարկուի, կը փորձէ թաքցնել իր սեփական յանցագործութիւնները` 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քաղաքական դրդապատճառներով որոշում տալով», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն «պատմական փաստերը անտեսող» որոշումը «կ՛ընդգծէ ծանր վիճակը վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ անոր յանցակիցներուն, որոնց համար Միջազգային քրէական դատարանը տուած է ձերբակալման հրամանագիր պաղեստինցիներու դէմ կատարուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան կապակցութեամբ»:

«Թուրքիան պիտի շարունակէ վճռականօրէն աշխատիլ` վերջ տալու շրջանին մէջ Իսրայէլի ծաւալապաշտական եւ անկայունացնող քաղաքականութեան եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու Նեթանիահուի կառավարութիւնը քաղաքային բնակչութեան, մասնաւորաբար` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+