Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու Շարժիչներու Վաճ - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

30 Haziran 2026  

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու Շարժիչներու Վաճ -

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է  Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու  Շարժիչներու Վաճ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացած Է Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Կործանիչներու Շարժիչներու Վաճառքը Արգելակելու Նախաձեռնութեան

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միացած է յունական-ամերիկեան կազմակերպութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկկուսակցական խումբին` արգելակելու Թրամփի վարչակազմի առաջարկած` աւելի քան 700 միլիոն տոլարի «Ճեներըլ Էլեքթրիք Էֆ-110» կործանիչներու շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ Էրտողանը զինելը չի նշանակեր պաշտպանել դաշնակիցը, այլ` զինել եւ խրախուսել հակառակորդը` յարձակելու Միացեալ Նահանգներու բարեկամներուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Քոնկրեսը գործարքին մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահած է 24 յունիս 2026-ին, որմէ ետք Քոնկրեսը ունի 15 օր` զայն արգելակելու համար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայերուն դիմելու իրենց ներկայացուցիչներուն` աջակցելու քոնկրեսական Տինա Թիթուսի նախաձեռնած երկու քայլերուն:

Առաջինը միացեալ մերժման բանաձեւն է, որով կը նախատեսուի ամբողջութեամբ արգելակել «Էֆ-110» շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ: Երկրորդը նամակ է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան` պահանջելով կանխել Թուրքիոյ վերադարձը «Էֆ-35» ծրագիրին:

Թուրքիան «Էֆ-35» ծրագիրէն հեռացուած էր 2019 թուականին` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը ձեռք բերելէ ետք: Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութիւնը կը շարունակէ արգիլել «Էֆ-35»-երի փոխանցումը Թուրքիոյ, քանի տակաւին Անգարան կը պահպանէ այդ համակարգը:

Քոնկրեսականներ Տինա Թիթուս, Քրիս Փափաս, Ճոշ Կոթհայմըր, Նիքոլ Մալիոթաքիս, Մայք Լոուլըր եւ Ֆրենք Փալոն քննադատած են վարչակազմի քայլերը` նշելով, որ Թուրքիոյ ամերիկեան յառաջատար ռազմական զինուորական սարքաւորումներ տրամադրելը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն եւ շրջանային անվտանգային շահերուն:

Նախաձեռնութեան հեղինակները նաեւ կ՛ընդգծեն Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւնները շրջանին մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի ռազմական արշաւներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանի դէմ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+