Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

01 Temmuz 2026  

Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ -

Ակնարկ.  Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական  Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական Եռանկիւններ Եւ Ուժանիւթային Պաշարներ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան որոշումին շարժառիթները յստակ են: Կար յստակ ուղենիշ  այս առումով, երբ վարչապետը ամիսներ առաջ, հարցազրոյցի մը  ընթացքին արձագանգած էր լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ իր երկիրը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը. ան շատ արագ յայտարարած էր` հիմա՛ յայտարարութեամբ կը ճանչնամ:

Պարզ են շարժառիթային հանգամանքները: Թուրքիա եւ Իսրայէլ զիրար կ՛ամբաստանէին ցեղասպանական արարքներով: Թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներով իսրայէլացի պաշտօնատարները արդէն կը խօսէին Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան մասին: Մինչ, իսրայէլացի որոշ շրջանակներու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար կատարուող բարձրաձայնումները չէին անցներ պետութեան լռութեան պատերը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ Էրտողան ի՛նք մղեց իր տակաւին ռազմավարական գործընկեր նկատուող Իսրայէլը, որ գործադիր իշխանութեան մակարդակով յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին: Պաղեստինցիներու նկատմամբ Իսրայէլի գործադրած  ցեղային զտումներն ու ցեղասպանական արարքները տարբեր առիթներով Թուրքիոյ նախագահը կ՛արծարծէր, հաւանաբար չբացառելով  իսրայէլեան հաւանական հակազդեցութիւնը: Պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ Էրտողան ի՛նք նախաձեռնեց Իսրայէլի առած ճանաչումի քայլին:

Նշենք, որ ճանաչման համար օրէնսդիրին մէջ նախաձեռնութիւններ կ՛առնուէին, որոնք տեղ չէին հասներ: Գործող իշխանութիւնը ունէր մեծամասնութիւն խորհրդարանին մէջ այդ լսումները քուէարկութեամբ բանաձեւի վերածելու, սակայն քաղաքական պահը չէր հասունցած: Այդ փուլերուն այնքան չէին սրած Անգարայի հետ յարաբերութիւնները եւ մանաւանդ Էրտողանը իբրեւ ցեղասպան պետութիւն չէր բնորոշած Նեթանիահուի գլխաւորած կառավարութիւնը:

Շրջուած այս ընթացակարգի հետագայ փուլին մասին կայ անշուշտ հարցական, այն առումով, որ խորհրդարանը շուտով կ՛անցնի արձակուրդի, եւ ապա Իսրայէլի քաղաքացիները կը հրաւիրուին արտահերթ ընտրութիւններու, առկախելով այս շղթայի աւարտական օղակին ագուցումը:

Թրքական եւ ազրպէյճանական արձագանգներուն մէջ կան տարբերութիւններ: Եթէ Անգարայի հետ լարուած են յարաբերութիւնները, ապա Պաքուի հետ խորացած: Պաքուն որոշումի վերատեսութեան առաջարկ կ՛ընէ իր ռազմավարական գործընկերոջ:

Խնդիրը պէտք է փորձել դիտարկել նաեւ ցեղասպան-ցեղասպան փոխամբաստանութիւններու  սահմաններէն անդին, հասնելով արեւելեան Միջերկրականի ծովային խորքերը: Տարածաշրջանին մէջ կայ երկու եռանկիւն դաշինք: Առաջինը Իսրայէլ-Յունաստան-Կիպրոս է, որուն առանցքը ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներն են, հետեւաբար արգելակումը թրքական նկրտումներուն այդ պաշարներուն նկատմամբ: Երկրորդը, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոսն է, որ թեթեւ կրակի վրայ անցում կը կատարէ դէպի ռազմավարական ոլորտներ: Այս երկրորդ եռանկիւնը նոյն կարեւորութիւնը չի ներկայացներ: Երկուքին պարագային երկու բաղադրիչներ` Յունաստանն ու Կիպրոսը առկայ են, որոնց հետ Անգարան սուր հանգոյցներ ունի: Իսրայէլի պետական շրջանակներ քանի մը անգամ շեշտած էին թրքական ուժերու Կիպրոսէն հեռացման հրամայականին մասին: Թել Աւիւ խորացուցած է իր յարաբերութիւնները թէ՛ Աթէնքի եւ թէ՛ Նիկոսիոյ հետ:

Երրորդ եռանկիւնին երրորդ բաղադրիչը Երեւանն է, որ սահմանակից է Իսրայէլի առաջին թշնամի Իրանին հետ: Պաշտօնական Թեհրանը լուռ է ճանաչման որոշումին նկատմամբ, իսկ Երեւանը կը մերժէ մեկնաբանել կամ արձագանգել Իսրայէլի առած այս քայլին:

Ցեղասպանական փոխամբաստանութիւններուն խորքը ուժանիւթային պաշարներն են, այդ պաշարներէն օգտուելու մրցապայքարները, անվտանգային նոր քարտէսներու մէջ դիրքեր գրաւելու արշաւները:

Ազրպէյճան-Իսրայէլ ուժանիւթային մրցակցութեան եւ անվտանգային շահերու բախման իրականութեան ստեղծման պարագային, Պաքուի վերատեսութեան առաջարկը կրնայ փոխուիլ: Արցախի պատերազմին Ազրպէյճանի կողքին յայտնուած Իսրայէլը կրնայ յիշել Սումկայիթի կամ  ընդհանրապէս Արցախի մէջ իրականացուած  ցեղասպանութիւնը, իսկ իր հերթին Ազրպէյճանը` Կազայի մէջ պատահածը:

«Ա.»




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+