Ռուսական Բանակը Տոնեցքի Եւ Զապորոժիէի Մէջ 3 Գիւղեր Գրաւած Է -
Ռուսական Բանակը Տոնեցքի Եւ Զապորոժիէի Մէջ 3 Գիւղեր Գրաւած Է
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ Տոնեցք գաւառին մէջ Մալինովքա եւ Զապորոժիէի գաւառին մէջ Ռիվնի եւ Լիսնոյ գիւղերը առած է իր վերահսկողութեան տակ:
«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ ռուսական «Արեւելք» խումբի ուժերը շարունակած են իր յառաջխաղացքը եւ Նիեփրոփեթրովսք գաւառին մէջ հարուածած ուքրանական բանակի զինուորներն ու սպառազինութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական ուժերը նշեալ շրջաններուն մէջ յաջողած են ծանր հարուած հասցնել ուքրանական զինեալ ուժերուն` սպաննելով շուրջ 445 զինուորներ եւ ոչնչացնելով մարտական մեքենաներ ու շարք մը դաշտային հրետանիներ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com