Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

01 Temmuz 2026  

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել -

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Իրենց Քաղաքացիներուն  Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկիրը երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ իր քաղաքացիներուն կ՛արտօնէ Լիբանան ճամբորդել:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Լիբանան այցելել ուզող քաղաքացիները պէտք է արձանագրուին «Գտնուելու վայրի ծառայութեան» մէջ, նախքան ճամբորդելը, եւ չեն կրնար արձանագրութիւնը աւարտելէ առաջ երկրէն մեկնիլ` ճամբորդութեան ընթացակարգերու կասեցումէն եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուելէ խուսափելու համար:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջանին մէջ զարգացումներուն պատճառով 30 ապրիլին իրենց քաղաքացիներուն արգիլած էին Իրան, Լիբանան եւ Իրաք ճամբորդել, եւ այդ երկիրներ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էին` անմիջապէս երկիր վերադառնալու:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի պետութեան անունով եւ անձնական մակարդակի վրայ շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին` այս որոշումը որդեգրելուն համար, «ինչ որ կը մարմնաւորէ մեր երկու երկիրները իրարու կապող եղբայրական յարաբերութիւններու ամրութիւնն ու արմատացած կապերը»:

«Կասկած չունիմ, թէ այս որոշումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերանորոգման եւ մեր միջեւ գործակցութեան ամրապնդման նկատմամբ նախանձախնդրութեան վերաբերեալ յստակ ցուցանիշ կը պարունակէ», նշեց Սալամ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի իր կարգին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Լիբանան ճամբորդութեան արգելքը վերացնելու որոշումը «արժանի է շնորհակալութեան եւ գնահատանքի»:

«Այս որոշումը վստահութեան պատգամ է պետութեան մը հանդէպ, որ վերստանձնեց իր քաղաքական եւ ապահովական որոշումի սանձը, եւ փաստ է, թէ Լիբանան հաստատ քայլերով ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ», նշեց ան:

«Պետութիւնը որքան իր ներկայութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրապնդէ եւ յառաջ ընթանայ կայունութեան ու բարեփոխումներու ճամբով, անոր եղբայրներն ու ընկերները այնքան աւելի կը համախմբուին անոր շուրջ, եւ այնքան աւելի շատ երկիրներ կը վերադառնան Լիբանանի հետ վստահութեամբ համագործակցութեան` հաւատալով, որ այս երկրի ապագան կը կառուցուի ուժեղ պետութեան եւ միասնական ազգային որոշումի միջոցով», ըսաւ Ռաժժի:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+