Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճա - Հայերէն
08 Temmuz 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հրոտից / Օր : Միհր / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

07 Temmuz 2026  

Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճա -

Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման  Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ,  Ազրպէյճա Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Ամրապնդման»

Կարսէն մինչեւ Նախիջեւանի սահման կառուցուող երկաթուղին պիտի նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման: «Ազերթաք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:

Ան երկաթուղիի կառուցումը կոչած է «Թուրքիոյ համար պետական առաջնահերթութիւն»:

Ուրալօղլու ընդգծած է, որ փոխադրամիջոցային նախագիծերը պարզապէս երկրի ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումներ չեն, այլ ռազմավարական քայլեր, որոնք կը խթանեն արտադրութիւնը, արտածումը, զբաղուածութիւնը, շրջանային զարգացումը եւ միջազգային համագործակցութիւնը:

«Միայն վեջին 24 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ փոխադրամիջոցային ոլորտի եւ ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումները հասած են 355 միլիառ տոլարի», նշած է թուրք նախարարը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+