Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն, Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է» - Հայերէն
10 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Հոռի / Օր : Մուրց / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

18 Ağustos 2026  

Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն, Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է» -

Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան  Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն,  Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է» Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն, Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ ուրախ է, որ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան ու Փաքիստանը «Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնութիւն»-ը ստորագրած են:

Ան ըսաւ, թէ այս համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ մերձեցման իրավիճակ մը կ՛արտացոլէ:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ցոյց տուաւ, թէ երկիրները ինչպէ՛ս կրնան իրենք զիրենք պաշտպանել:

Թրամփ Մեքքայի համաձայնագիրը նկատեց Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ մէջ «նախնական յանդուգն, մեծ եւ կարեւոր քայլ մը»:

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ հետ պիտի շարունակէ Փաքիստանի եւ ամբողջ շրջանի պաշտպանութեան երաշխաւորման մէջ դրական դերակատարութիւն ունենալ: Ան այս մասին յայտնեց` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը:

Փաքիստանի վարչապետը բարձր գնահատեց Թրամփի «քաջարի եւ վճռական ղեկավարութիւնը»` նշելով, որ ատիկա նպաստեց «Հարաւային Ասիոյ մէջ հիւլէական աղէտէ մը խուսափելուն եւ միլիոնաւոր կեանքերու փրկութեան»:

Շարիֆ ըսաւ, որ տեւական խաղաղութիւնը շրջանի ժողովուրդներուն «պայծառ ու բարգաւաճ ապագայի համար հիմնական պայման» կը ներկայացնէ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+