Կրթական Կարեւոր Հարցեր՝ Էրվապ-Ի Կրթական Յանձնախումբի Ժողովի Օրակարգի Վրայ -
Կրթական Կարեւոր Հարցեր՝ Էրվապ-Ի Կրթական Յանձնախումբի Ժողովի Օրակարգի Վրայ
Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած աշակերտներու՝ Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ ուսումը շարունակելու հարցը վերջին օրերուն մտահոգութիւններու եւ քննարկումներու դուռ բացած է համայնքէն ներս։
Հարցը նոր չէ. շուրջ 14 տարիէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան հպատակ աշակերտներ մեր վարժարաններուն մէջ ուսումը շարունակած են «հիւր աշակերտ»ի կարգավիճակով։ Այս կարգավիճակը անոնց չի շնորհեր վիճակացոյց կամ ընթացաւարտութեան վկայական ստանալու նոյն իրաւունքը, ինչ որ ունին Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած աշակերտները։
Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին վարժարաններ այցելած կրթական տեսուչներու կողմէ Հայաստանի քաղաքացի աշակերտներու վերաբերեալ հարցումները, ինչպէս նաեւ անոնց արձանագրութեան իրաւական կարգավիճակի շուրջ յառաջացած անորոշութիւնը, հարցը կրկին բերած են օրակարգ։
Այս պայմաններուն մէջ, ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական Յանձնախումբը 17 Օգոստոսին գումարեց իր հերթական ամսական ժողովը, որուն մասնակցեցան ԷՐՎԱՊ-ի անդամ վարժարաններու տնօրէնները, հիմնադիրներու ներկայացուցիչները եւ կրթական գործերու պատասխանատու հոգաբարձուները։ Ժողովի կարեւոր օրակարգերէն մէկը Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած երեխաներու՝ մեր վարժարաններ արձանագրութեան հարցն էր։ Մասնակիցները իրենց տեսակէտներն ու գնահատականները փոխանցեցին՝ շեշտելով հարցին նկատմամբ աւելի զգայուն եւ ներառական մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։
Ժողովին մասնակցեցան նաեւ «Յոյս» միութեան երեք ներկայացուցիչները, որոնք անդրադարձան աշակերտներու արձանագրութեան ընթացքին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Անոնք յայտնեցին, որ կը պատրաստուին յատուկ ուսուցիչ մը աշխատանքի ընդունելով աջակցիլ մեր վարժարաններուն, ուստի այդ նպատակով ԷՐՎԱՊէն նիւթական օժանդակութեան ակնկալութիւն յայտնեցին։
Օրակարգի միւս կարեւոր հարցը հայերէն լեզուի դասաւանդութեան ծրագրի պատրաստութեան թէման էր։ Մասնակիցներուն տեղեկութիւն տրուեցաւ այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներու եւ արձանագրուած յառաջընթացի մասին։
Քննարկուեցաւ նաեւ մէկէ աւելի վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու ընկերային ապահովութեան եւ ապահովագրութեան հարցը։ Ժողովի աւարտին որոշուեցաւ քննարկուած հարցերուն եւ կատարուած արժեւորումներու հիման վրայ պատրաստել հաղորդագրութիւն մը եւ զայն հրապարակել հանրութեան։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com