Ալեն Սիմոնեանն Ու Հիքմեթ Հաճիեւը Քննարկած Են Խաղաղութեան Օրակարգը -
Ալեն Սիմոնեանն Ու Հիքմեթ Հաճիեւը Քննարկած Են Խաղաղութեան Օրակարգը
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ քննարկած է խաղաղութեան օրակարգը: Այս մասին գրած է Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումէն ետք խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները շարունակուած են Ալեն Սիմոնեանի հետ», գրած է ան:
Սիմոնեանի գրասենեակը եւս յայտնեց, որ Սիմոնեան-Հաճիեւ բանակցութիւնները յաջորդած են Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին: Անոնք շարունակած են խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները:
Ասիկա Սիմոնեանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին վրայ ազրպէյճանցի պաշտօնատարի հետ առաջին հանդիպումն է: Մինչեւ վերջերս Հաճիեւի հետ բանակցութիւնները կը վարէր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: Անոր Հաճիեւի հետ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր յունիսին Դիլիջանի մէջ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com