Արմաւիա»ն եւ Կառավարութիւնը Կը Բանակցին Շաբաթը Երեւան-Հալէպ-Երեւան Երկրորդ` «Գրեթէ Անվճար» Չուերթը Բանալու - Հայերէն
06 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Մադեղ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

27 Temmuz 2012  

Արմաւիա»ն եւ Կառավարութիւնը Կը Բանակցին Շաբաթը Երեւան-Հալէպ-Երեւան Երկրորդ` «Գրեթէ Անվճար» Չուերթը Բանալու -

Արմաւիա»ն եւ Կառավարութիւնը Կը Բանակցին Շաբաթը Երեւան-Հալէպ-Երեւան Երկրորդ` «Գրեթէ Անվճար» Չուերթը Բանալու Արմաւիա»ն եւ Կառավարութիւնը Կը Բանակցին Շաբաթը Երեւան-Հալէպ-Երեւան Երկրորդ` «Գրեթէ Անվճար» Չուերթը Բանալու Ուղղութեամբ

Արմաւիա» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը պատրաստ է բանալ շաբաթը երկրորդ չուերթը դէպի Սուրիա, իսկ անոնց տոմսերը գրեթէ անվճար պիտի ըլլան:

«Արմաւիա»-ի մամուլի ծառայութենէն Tert.am-ին տեղեկացուցին, որ այս պահուն ընկերութիւնը կը բանակցի ՀՀ Կառավարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ համապատասխան աջակցութեան պարագային չուերթը պիտի չուշանայ:

Ընկերութենէն կը յայտնեն, որ այդ պարագային տոմսերը պիտի դառնան գրեթէ անվճար, ինչպէս տարիներ առաջ Լիբանանեան դէպքերուն ժամանակ:

Նշենք, որ վերջին շրջանին բացասական ալիք բարձրացած է «Արմաւիա» ընկերութեան շուրջ, քանի որ ան այս տարուան Մարտին դադրեցուած Երեւան-Հալէպ-Երեւան չուերթը Յուլիսի սկիզբը վերականգնելէ ետք՝ սղցուցած էր տոմսերուն գինը:
Ընկերութիւնը այժմ կ’իրականացնէ շաբաթը մէկ թռիչք, մինչդեռ պահանջարկը ակնյայտօրէն աւելի մեծ է: Հալէպ-Երեւան-Հալէպ չուերթը իրականացնող «Սուրիական թռիչքուղիներ»ը մինչեւ Սեպտեմբեր վաճառած է իր բոլոր տոմսերը:

Յիշեցնենք, որ երէկ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու խումբ մը ակտիւիստներ բողոքի ցոյց իրականացուցին Նալպանտեան փողոցին վրայ գտնուող «Արմաւիա» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին առջեւ:

Անոնք կը բողոքէին «Արմաւիա»-ի կողմէ Հալեպ-Երեւան, Երեւան-Հալեպ տոմսերը սղցնելու դէմ: Ցոյցի մասնակիցներէն Նուարդ Մանասեան յայտարարած էր, որ «Արմաւիա»-ն չի կրնար կոչուիլ ազգային փոխադրող, քանի որ հայերուս համար այս կարեւոր պահուն հակազգային քայլ կը կատարէ:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ արդէն մէկ տարիէն աւելի ընթացող բախումներու թիրախին քանի մը օր է յայտնուած է հայաշատ Հալէպ քաղաքը: Տեղեկութիւններ կան, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալները արդէն վերահսկողութեան տակ վերցուցած են քաղաքի կէսէն աւելին, սակայն հայկական թաղամասերու մէջ համեմատաբար հանգիստ է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+