Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

22 Eylül 2015  

Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել -

Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՏեմոքրաթՀապեր»-ը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած «Միաձայն` ահաբեկչութեան դէմ» հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարած է, որ կ՛ուզէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «միայն տեղացի» երեսփոխաններ տեսնել: Ան քննադատած է թրքական խորհրդարանին մէջ 80 երեսփոխաններ ունեցող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Քիւրտիստանի դրօշ պարզելու, իշխանութիւններուն դէմ արտայայտուելու եւ այլ «մեղքերու» համար, եւ բոլորին կոչ ուղղած է յառաջիկայ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին չքուէարկելու քրտամէտ կուսակցութեան օգտին:

«Ես կ՛ուզեմ, որ թրքական խորհրդարանին մէջ ըլլան միայն 550 տեղացի երեսփոխաններ: Կը հասկնաք ինչ նկատի ունիմ: Ներկայիս Թուրքիան միայն ատոր կարիքը ունի», ըսած է ան:

Քրտամէտ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Իտրիս Պալուքան անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան անոր հարց տուած է, թէ իբրեւ ազգութեամբ քիւրտ երեսփոխան, արդեօք ինք տեղացի կը նկատուի՞: Կուսակցութեան ազգութեամբ թուրք մէկ երեսփոխան` Ալի Քենանօղլու իր կարգին հարցուցած է, թէ իբրեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան թուրք երեսփոխան, ինք տեղացի կը նկատուի՞, թէ՞ ոչ:

Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու նախագահական պալատը քննադատած է փոքրամասնութիւններու հարցին մէջ նախորդ կառավարութիւններուն եւ նախագահներուն որդեգրած ճնշիչ քաղաքականութիւնը շարունակելու համար: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պատերազմական յանցագործութիւն կը կատարէ: Ասիկա վերջին կէտն է: Ուրիշները այս կէտին մէջ պաշտօնազրկուեցան եւ հեռացան: Այժմ կարգը ասոնց է», ըսած է ան:

Եիւքսեքտաղ քննադատած է թրքական իշխանութիւնները իր ղեկավարած կուսակցութեան նկատմամբ համապարփակ գրաքննութիւն իրագործելու համար եւ յայտարարած, որ հակառակ ատոր, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նպատակ ունի 1 նոյեմբերին նախատեսուած արտակարգ ընտրութիւններու ընթացքին ստանալու ընտրողներու 15-20 առ հարիւրը եւ խորհրդարանին մէջ իր երեսփոխաններուն թիւը 80-էն բարձրացնելու 130-ի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+