Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան -

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Լիբանանի հայութեան մեր սիրելի զաւակները:

Արդարեւ, հոգեկան գոհունակութեամբ կը նշմարենք, որ վերջին շրջանին Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցները լծուած են տենդագին աշխատանքի, վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի ենթարկելով իրենց գործունէութիւնը` Լիբանանի հայութեան հաւաքական կեանքը առաւել ծաղկեցնելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Լիբանանի հայ գաղութը անցնող տասնամեակներուն առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս սփիւռքի հայութեան կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ: Մեր սպասումն է, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Լիբանանի հայութիւնը շարունակէ իր կարեւոր նպաստը բերել մեր համազգային աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու ձգտումներուն:

Բարձր գնահատանքով կ’ողջունենք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը յարգելու, անոնց ծառայութեան անդրադառնալու եւ քաջութիւնը պանծացնելու ձեր նախաձեռնութիւնը: Արդարեւ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքները, տագնապները ու դառն փորձառութիւնը ապրած որպէս Լիբանանի հայոց թեմի նախկին Առաջնորդ, կ’ուզենք վկայել, որ մեր տղաքը, գիշեր ու ցերեկ, ամբողջական նուիրումով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու հայկական թաղերուն պաշտպանութիւնը կատարեցին: Սովորական հասկացողութեամբ պահակներ չեղան անոնք, այլ` իրենց արիւնը մեր համայնքի իրաւունքներուն ու արժանապատուութեան պաշտպանութեան ի խնդիր թափելու պատրաստ հերոսներ:

Քաղաքացիական ներքին կռիւներու տագնապալից օրերուն, յաճախ ռումբերու տակ ու կրակոցներու մէջ, Մենք այցելեցինք մեր ակումբները ու մեր թաղերը, յատկապէս Պուրճ Համուտի, Խալիլ Պատաուիի, Հաճընի, Էշրեֆիէի ու քաղաքի շրջաններուն մէջ: Եղանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, քաջալերեցինք զանոնք, փորձեցինք յոյս ներշնչել ու իրենց հաւատքը աւելի զօրացնել: Մենք տեսանք ու վկայեցինք, որ մեր համայնքային թէ կուսակցական պատասխանատուներ, բարեսիրական ծառայութեան լծուած նուիրեալներ, օրինակելի նուիրուածութեամբ եղան մեր ժողովուրդին հետ` կարիքաւորներուն, վիրաւորներուն, հիւանդներուն, առեւանգեալներուն օգնութեան հասնելով: Մենք տեսանք ու վկայեցինք, թէ մեր հերոս տղաքը հերոսական ի՜նչ ոգիով կը պաշտպանէին մեր թաղերը: Անոնցմէ ոմանք իրենց արիւնը թափեցին ու այսօր մեզի համար սովորական մեռելներ չեն, այլ հերոսներ են ու նոյնի՛սկ նահատակներ:

Երբ այս օրերուն կը յիշենք քառասուն տարիներ առաջ սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած մեր հերոսներն ու նահատակները, պէտք է նաեւ խոր գնահատանքով յիշել բոլոր անոնք, որոնք, կրօնական թէ համայնքային, կուսակցական թէ քաղաքական պատասխանատուներ, իրենց կարելին կատարեցին ու տուին յանձնառու ծառայութեան ճամբով Լիբանանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

Այսօր, քառասուն տարիներ յետոյ, երբ կը յիշենք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը, անպայմանօրէն պէտք է անդրադառնանք Լիբանանի հայութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան: Արդարեւ, քաղաքական ու համայնքային յստակ ու քաջ կեցուածք մը, որ արդիւնքն էր մեր պատասխանատուներուն միասնական ոգիին ու ամուր կեցուածքին: Քաղաքական ու համայնքային յստակ կեցուածք մը, որ որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ ունէր Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերը: Ճիշդ է, ոմանց դիւր չեկաւ, եւ մենք զոհեր տուինք մեր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին համար: Միաժամանակ ճիշդ է, որ շատեր մեծապէս գնահատեցին մեր կեցուածքը: Եւ այսօր, քառասուն տարիներ յետոյ, վստահ ենք, որ բոլո՛ր լիբանանցիները կ՛ըսեն. «Ճիշդ էր հայութեան մօտեցումը` Լիբանանի միասնականութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ անկախութիւնը պաշտպանող»:

Պատմութիւնը հերոսներով ու նահատակներով եւ ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն համար յանձնառու կերպով ծառայող անձերով կը կերտուի, եւ այս «անձինք նուիրեալք»-ները կը մնան պատմութեան մէջ` իրենց ճառագայթող ներկայութեամբ ու կը դառնան փարոսները նոր սերունդներուն: Այսօր, երբ կը յիշենք մեր հերոսներն ու նահատակները եւ կը խոնարհինք անոնց վառ յիշատակին առջեւ, մեր ժողովուրդի զաւակները ու մանաւանդ մեր երիտասարդները կոչուած են համախմբուելու մեր կառոյցներուն շուրջ եւ վերանորոգելու իրենց հաւատարմութիւնը մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան ներքին միասնականութեան ամրացման ու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Ա՛յս է մեր հայրապետական պատգամը Լիբանանի մեր երիտասարդութեան: Կը հաւատանք, որ այս է պատգամը նաեւ մեր հերոս ու նահատակ տղոց:

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ երկինքի թագաւորութեան մէջ հանգչեցնէ հոգիները մեր հերոս ու նահատակ տղոց:

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

19 Սեպտեմբեր 2015
Անթիլիաս, Լիբանան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+