Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

06 Kasım 2015  

Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ -

Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ Տաւութօղլու Իր Կուսակցութեան Յաղթանակը Նկատած Է Աննախադէպ

«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալէն 14 տարի ետք այս յաղթանակը աննախադէպ է համաշխարհային ժողովրդավարութեան պատմութեան մէջ:

«Մեր ժողովուրդը նոյեմբեր 2002-ին տակաւին 1,5 տարուան պատմութիւն ունեցող մեր կուսակցութեան ձայներու 34,5 առ հարիւրով իշխանութեան վստահեցաւ: Ատկէ ետք մեր ստացած քուէները մշտապէս աւելցան: Մենք բազմաթիւ ընտրութիւններու յաղթած ենք, իսկ այժմ` 14 տարի ետք, մենք դարձեալ հասանք 2011-ի ցուցանիշին: Ատիկա աննախադէպ դէպք է համաշխարհային ժողովրդավարութեան մէջ», յայտարարած է Տաւութօղլու:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Տաւութօղլու ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէ երկրին նոր սահմանադրութեան որդեգրման խնդիրը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+