Նալբանդեան. «Պաքուն Պատրանք Ունի, Թէ Կրնայ Բանակցիլ Զէնքի Ուժով» - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

19 Aralık 2015  

Նալբանդեան. «Պաքուն Պատրանք Ունի, Թէ Կրնայ Բանակցիլ Զէնքի Ուժով» -

Նալբանդեան. «Պաքուն Պատրանք Ունի, Թէ Կրնայ Բանակցիլ Զէնքի Ուժով» Նալբանդեան. «Պաքուն Պատրանք Ունի, Թէ Կրնայ Բանակցիլ Զէնքի Ուժով»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է, որ բարձրաստիճան իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճանի սադրանքներուն իբրեւ հետեւանք տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան սրումը օրինաչափութիւն դարձած է: Նման գործողութիւններով Պաքուն կը փորձէ շեղել բանակցային հոլովոյթը` խաղաղութեան հաստատման եւ տագնապի լուծման նպատակէն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, թէ` ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ նախագահներուն հանդիպումէն առաջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի կոպիտ խախտումները` ըսած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք Պաքուի կողմէ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած` իրավիճակի աննախադէպ սրումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու 19 դեկտեմբերի հանդիպումի նախաշեմին:

Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի պաշտպանութեան բանակի զոհուած զինուորական ծառայողներու հարազատներուն: Իւրաքանչիւր բարձրաստիճան հանդիպումէ առաջ Ազրպէյճանի սադրանքներուն հետեւանքով տագնապի գօտիին վրայ լարուածութեան աճը օրինաչափութիւն դարձած է:

Պաքուն պատրանք ունի, թէ կրնայ բանակցիլ զէնքի ուժով: Հակառակ անոր որ եռանախագահող երկիրներու` ուժի կիրարկումը բացառելու բազմաթիւ կոչերուն` Ազրպէյճան նոր արկածախնդրութիւններ կը կատարէ: Նման գործողութիւններով Պաքուն կը փորձէ շեղել բանակցային հոլովոյթը` խաղաղութեան հաստատման եւ տագնապի խաղաղ լուծման նպատակէն: Այս իրավիճակին մէջ հրամայական դարձած են լարուածութեան նուազեցման ուղղուած յստակ քայլերը` եռանախագահներու կողմէ առաջարկուող` դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դիտորդական առաքելութեան ամրապնդումը, անոր դաշտային օգնականներու թիւի յաւելումը: Կ՛ակնկալենք, որ համանախագահ երկիրները գործնական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+