Իրաքէն եւ Սուրիայէն Թուրքիա Գաղթած Հայ Փախստականները Կը Թաքցնեն Իրենց Ինքնութիւնը - Հայերէն
03 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արամ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

19 Aralık 2015  

Իրաքէն եւ Սուրիայէն Թուրքիա Գաղթած Հայ Փախստականները Կը Թաքցնեն Իրենց Ինքնութիւնը -

Իրաքէն եւ Սուրիայէն Թուրքիա Գաղթած Հայ Փախստականները Կը Թաքցնեն Իրենց Ինքնութիւնը Իրաքէն եւ Սուրիայէն Թուրքիա Գաղթած Հայ Փախստականները Կը Թաքցնեն Իրենց Ինքնութիւնը

Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով իրենց բնակավայրերը լքած եւ Թուրքիա (արեւելեան շրջաններ՝ Եոզկաթ, Ամասիա, Էրզրում, Աֆիոն) ապաստանած փախստականներուն մէջ կան հազարաւոր քրիստոնեաներ, որոնք կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը:

Վերջիններս ԱՄՆ, Գանատա եւ Աւստրիա երթալու համար դիմած են ՄԱԿ-ի գրասենեակ, սակայն անոնց մուտքի արտօնագրի հարցը առկախուած է մինչեւ 2023 թուական:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, «Hurriyet»-ը կը գրէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի անդամ Տրդատ Ուզունեան այցելած են Եոզկաթի մէջ հաստատուած 19 ընտանիք:

Պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի ներկայացուցիչը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ փախստական ընտանիքներու հաստատուելուն մասին նոր իմացած են, եւ այժմ տեղեկութիւն ունին միայն Եոզկաթի մէջ գտնուող ընտանինքերուն մասին: Ուզունեան միւս վայրերուն մէջ հաստատուած հայ ընտանիքներուն, եթէ այդպիսիք կան, կոչ ըրած է կապ հաստատելու իրենց հետ:

Սելինա Տողան յայտնած է, որ նման ընտանիքներու գոյութեան մասին նոր իմացած են եւ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն` լուծելու անոնց խնդիրները: Փախստականները կը նշեն, որ իրենց հիմնական խնդիրը աշխատանք գտնելու դժուարութիւնն է եւ երեխաներու կրթութեան հարցը: Անոնք դպրոց չեն յաճախեր թրքերէն չիմանալուն պատճառով:

Ալիս Սալջեանը, որ 1 տարի առաջ Իրաքէն հեռանալով իր ընտանիքին հետ Թուրքիա եկած էր, կը պատմէ, որ ոսկերիչ ամուսինը չի կրնար աշխատանք գտնել, երեխաները դպրոց չեն յաճախեր:

«Երեխաները կրնան շփուիլ միայն հայ փախստական երեխաներու հետ: Հարեւաններ ալ ունինք, բայց անոնք գիտեն, թէ մենք մահմետական ենք»,- կ՛ըսէ ան:

Ըստ աղբիւրին, Լինտա Մարգարեանը ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ նոյնպէս Իրաքէն է: 7 ամիս առաջ Եոզկաթի մէջ հաստատուած ընտանիքին մայրը կը նշէ, որ իրենց միակ ցանկութիւնը երեխաներուն համար արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանք ապահովելն է: Ըստ Լինտային` իրեն համար յատկապէս շատ դժուար է կրօնական ծիսակատարութիւնները գաղտնի ընելը:

Մէկ այլ փախստական Աւանես Մելիքեանը պատմած է, որ Եոզկաթի մէջ հիմնականօրէն ժամանակ կ՛անցնեն մ հայերու հետ, որոնց հետ միասին եկած են, իսկ Եոզկաթցի ընկերները իրենց այլ անուններով կը ճանաչան, օրինակ` շրջապատին մէջ գիտեն, թէ ինք արաբ է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+