Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւոր. «Քիւրտերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Կ՛իրականացուի» - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

12 Ocak 2016  

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւոր. «Քիւրտերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Կ՛իրականացուի» -

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւոր. «Քիւրտերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Կ՛իրականացուի» Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւոր. «Քիւրտերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Կ՛իրականացուի»

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «IMC» հեռուստաընկերութեան եթերով իշխանութիւններու հասցէին սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած է` մեղադրելով զանոնք քիւրտերուն նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնելուն մէջ, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) կողմէ ընտրուած պատգամաւորը նշած է, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրները Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնողներն են, որոնք այդպէս ալ պատասխանատուութեան չենթարկուեցան:

Փայլանի դիտարկումով այսօր եւս քիւրտերու պահանջներուն ի պատասխան անոնց նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացուի:

«Այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ես կը նմանեցնեմ 1913-1914 թուականներու դէպքերուն: Բնականաբար, հետեւանքները նոյնը չեն ըլլար, ինչ որ եղաւ հայերուն հետ, քանի որ քիւրտերը այսօր կազմակերպուած են եւ ուժեղ: Սակայն, այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք, որ այս իշխանութիւնները շատ անգութ են: Անոնք կը փորձեն քիւրտերով բնակեցուած շրջանները ամայացնել: Ես Սուրի շրջան գացի: 1913 թուականին Սուրը շրջապատուած էր թնթանօթներով: 100 տարի անց իշխանութիւնները Սուրի մէջ նոյն իրավիճակը ստեղծած են: Այսօր ալ այդ շրջանը շրջապատուած է հրասայլերով ու թնթանօթներով», -ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+