Առանց Զինադադարի Հաստատման Սուրիական Ընդդիմութեան Ժընեւի Ժողովին Մասնակցութիւնը Դժուար Է Կ՛ըսէ Էրտողան - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

30 Ocak 2016  

Առանց Զինադադարի Հաստատման Սուրիական Ընդդիմութեան Ժընեւի Ժողովին Մասնակցութիւնը Դժուար Է Կ՛ըսէ Էրտողան -

Առանց Զինադադարի Հաստատման Սուրիական Ընդդիմութեան Ժընեւի Ժողովին Մասնակցութիւնը Դժուար Է Կ՛ըսէ Էրտողան Առանց Զինադադարի Հաստատման Սուրիական Ընդդիմութեան Ժընեւի Ժողովին Մասնակցութիւնը Դժուար Է Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Առանց զինադադարի հաստատման սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան Ժընեւի մէջ խաղաղութեան բանակցութեանց մասնակցութիւնը դժուար պիտի ըլլայ»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց. «Միջազգային բոլոր կողմերը վերջերս գիտակցած են, որ նախընտրելին ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է»` նշելով, որ սուրիական ընդդիմադիր բոլոր խմբաւորումները ահաբեկչական չեն, «այլ գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք արդար պահանջներ ունին, եւ մենք զանոնք կը յարգենք»:

«Մոսկուա կը պնդէ ապագային քաղաքական լուծումը յաջողցնելու համար ընդդիմութեան լայն ներկայացուցչութեան վրայ», նշեց Զախարովա` աւելցնելով. «Սուրիա պէտք է մնայ միացեալ պետութիւն մը, ուր տարբեր յարանուանութիւններ խաղաղութեամբ կը գոյակցին»:

Ան ընդգծեց. «Մոսկուա կառչած կը մնայ Ժէյշ Իսլամի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու` սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութեան մէջ ներառման առնչութեամբ իր մերժումին»: Զախարովա ըսաւ, որ Ժէյշ Իսլամի եւ Ահրար Շամի նման խմբաւորումներու Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը անընդունելի է:

Ան յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը կը պատկանի միայն սուրիացի ժողովուրդին»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+